Որոնել

2023.04.20 Podcast "Yerankner" sulle tradizioni armene

«Երանգներ» հաղորդաշարը արեւմտահայերէնով կը ներկայացնէ հայկականութեան վառ գոյները

Այս հաղորդաշարը, ինչպէս իր խորագիրը կը յուշէ, ունի տարբեր գունաւորումներ։ Իւրաքանչիւր հաղորդում կը ներկայացնէ տարբեր նիւթ մը հայկականութեան հետ կապ ունեցող։
Ունկնդրէ լուրը

Կար ժամանակ, երբ մեր հեռատեսիլը կը հեռարձակէր միայն քանի մը ալիք՝ երեկոյեան քանի մը ժամերու ընթացքին։ Այսօր, ո՛չ միայն ալիքները բազմապատկուած են, այլ աւելցուած են աշխարհի չորս ծագերէն նաեւ «Եութուպ»ի անթիւ ալիքներ, զորս կարելի է դիտել օրուան որեւէ ժամու, տարբեր տեսակի հարթակներու վրայ, ըլլա՛յ հեռատեսիլի թէ համակարգիչի պաստառին վրայ, կամ բջիջային հեռաձայններու վրայ։

Այս անհամար ալիքներուն վրայ, վերջին 6 ամիսներուն ընթացքին սկսաւ հեռարձակուիլ նաեւ հայկական նոր ծրագիր մը արեւմտահայերէնով, Կլենտէյլէն՝ «Երանգներ Ալինին Հետ» խորագիրով։

Այս հաղորդաշարը, ինչպէս իր խորագիրը կը յուշէ, ունի տարբեր գունաւորումներ։ Իւրաքանչիւր հաղորդում կը ներկայացնէ տարբեր նիւթ մը հայկականութեան հետ կապ ունեցող։

Ծրագիրը կը պատրաստէ Ալին Պզտիկեան Շիրաճեան, որ նոյն ժամանակ հաղորդաշարի հաղորդավարուհին է։ Ան Մերտինեան վարժարանին մէջ հայերէն նիւթերու դասատու է, ինչպէս նաեւ մանկագիր եւ երկար տարիներու ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի հաղորդավարուհի։ Նկարահանումը եւ «մոնթաժ»ը կը կատարէ ConnectTo Communication-ի թեքնիք բաժինի պատասխանատու Արման Աւագեանը։


Հաղորդաշարը ունի ճոխ այլազանութիւն՝ հայկական երգարուեստ, պարարուեստ, խոհանոց, քաղաքներ, գաւառներ, տօներ, աւանդութիւններ, սովորութիւններ, ծէսեր, արուեստագէտներ, առակներ, արածներ եւ հայկական հրաշալի երաժշտութիւն։

Հաղորդաշարը կը փոխանցէ հետաքրքրական եւ ուսուցողական տեղեկութիւններ հայկական նիւթերու շուրջ, հայկական ընտիր երգերով։ Այլ խօսքով՝ կը ստեղծուին հաճելի կարճ «դասապահեր», որոնք երկար ժամերու պրպտումներու եւ համադրումի արդիւնք են։

Այս նախագիծի կողքին կանգնած են ՀԻՔ կամ HyeID կազմակերպութիւնը եւ ConnectTo Communication ընկերութիւնը, որ 1997էն ի վեր Հարաւային Քալիֆորնիոյ իր յաճախորդներուն կը տրամադրէ հեռաձայնի կապի, պատկերասփիւռի, ապահովութեան համակարգերու եւ ծրագրաւորման սպասարկութիւն. անոր գործադիր տնօրէններն են Արաքսիա Նաճարեան եւ Արամ Տէր Մարտիրոսեան։

«Իմ խորին երախտագիտութիւնն եմ յայտնում, որ «Երանգներ» հաղորդաշարով Ալին Պզտիկեան Շիրաճեանը սիրայօժար յանձն առած է ConnectTo հեռուստաալիքով ՀԻՔի Գլենդէյլի մասնաճիւղի եթերաժամերին պարբերաբար հնչեցնել գողտրիկ արեւմտահայերէնը», կ՛ըսէ ՀԻՔ կազմակերպութեան Կլենտէյլի մասնաճիւղի ատենապետ լեզուաբան Անդրանիկ Գէորգեան՝ աւելցնելով.  ««Երանգներ» հաղորդաշարի պատրաստութեան ջանքերն ու հետեւողական աշխատանքը արժանի են ամենաբարձր գնահատականի»:

«Այս հաղորդումը, արեւմտահայերէնով եւ անոր զուգորդուած արեւելահայերէնով հնչող երգերու հետ, լուսարձակի տակ կ՛առնէ մեր մշակոյթի տարբեր երանգները,» կ՛ըսէ հաղորդավարուհին՝ աւելցնելով. «Դժբախտաբար արեւմտահայերէնով նման ծրագիրներ սակաւաթիւ են»։

«Երանգներ Ալինին Հետ»ը, որ կը ցուցադրուի ConnectTo-ի 211 ալիքով, կարելի է դիտել նաեւ HyeIDի «Եութուպ» ալիքով՝ պարզապէս գրելով HyeID։

ՈՒՆԿՆԴԻՐ ՄԸ

Աղբիւրը Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2023, 08:18