Ս. Զատկուան տօնին առիթով Լիբանանի Յարութեան մաղթանքներ ու պատգամներ
Մինչ դարձեալ շրջանառութեան մէջ դրուած են տեղեկութիւններ, թէ Լիբանանի տագնապին լուծման նպատակով հնգակողմանի երկրորդ հանդիպում մը պիտի կայանայ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Եգիպտոսի միջեւ, կը նախատեսուի, որ երկրորդ հանդիպումը տեղի ունենայ նշեալ երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն մակարդակով:
Այս ժողովը հիւրընկալելու փափաք յայտնած են Ռիատը, Ուաշինկթընն ու Գահիրէն, իսկ այն տեղեկութիւնները, թէ Իրան եւս մաս պիտի կազմէ այս հանդիպումին, անճիշդ են:
Միւս կողմէ, Լիբանան անցեալ շաբաթավերջին նշեց Ս. Զատկուան տօնը, որուն ընթացքին հնչեցին Լիբանանի յարութեան վերաբերող պատգամներ:
Այս շրջագիծին մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ մատուցուած կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը միայն քրիստոնեայ համայնքին չէ, այլեւ ամբողջ մարդկութեան: «Իսկ պետութեան եւ հասարակութեան մէջ իւրաքանչիւր պատասխանատու, որ իր սրտին մէջ Ս. Յարութեան տօնը չի զգար, պիտի խեղդուի իր անձնասիրութեան ու ճղճիմ շահերուն մէջ եւ պիտի կորսնցնէ իր պատասխանատուութեան տակ գտնուող շրջանակին վստահութիւնը», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ երբ ղեկավարին հանդէպ վստահութիւն չկայ, ապա ան իշխանութեան մէջ շարունակականութիւն պէտք չէ ունենայ: Ան կոչ ուղղեց ղեկավարներուն վերջ տալու պետութիւնը, անոր հաստատութիւններն ու տնտեսութիւնը քանդելու, ինչպէս նաեւ ժողովուրդը աղքատացնելու իրենց արշաւին:
«Ո՛վ երեսփոխաններ, փնտռեցէ՛ք անձնաւորութիւն մը, զոր կրնաք հանրապետութեան նախագահ ընտրել, եւ վերջ տուէք շուարելու ու գաղտնաբար սպասելու ձեր ընթացքին», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Լիբանան կարիքը ունի իր ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող հանրապետութեան նախագահի մը:
Նշենք, որ օր մը առաջ Ս. Զատկուան առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ եկեղեցին կառչած պիտի մնայ քաղաքացիներու իրաւունքներու ապահովումին եւ անոնց արժանապատուութեան պաշտպանութեան:
Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ առկայ ապօրինի զէնքին` նշելով, որ անիկա Լիբանանն ու լիբանանցիները կը մղէ ըլլալու պատերազմի ենթակայ դիրքի մը վրայ, «բան մը, որ իր որոշումը չէ», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը ակնարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն` շեշտելով, որ միջազգային ընտանիքը` քաղաքական հաշիւներով, այդ տեղահանուածները կը պաշտպանէ Լիբանանի հաշուոյն: Ան կոչ ուղղեց գործելու միջազգային ընտանիքին հետ, որպէսզի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովուի:
Իր կարգին, Ֆրանչիսկոս պապը Ս. Զատկուան առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ յատուկ տեղ յատկացուց Լիբանանին:
«Կ՛աղօթենք Աստուծոյ, որ օգնէ տակաւին կայունութիւն եւ միասնականութիւն փնտռող Լիբանանին, որպէսզի անիկա կարենայ շրջանցել երկփեղկումները, եւ անոր բոլոր քաղաքացիները միասնաբար գործեն ի խնդիր երկրին շահերուն», շեշտեց Ֆրանչիսկոս պապը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այս առիթով յոյս յայտնեց, որ Ս. Զատկուան տօնը Լիբանանի յարութեան աւետիսի եւ անոր գողգոթայի աւարտին նշոյլը բերէ իրեն հետ:
Պըրրի մաղթեց, որ լիբանանցիներուն մէջ կեանքի եւ բարիի կամքը յաղթական դուրս գայ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւարտել այն գողգոթան, որուն ճամբուն վրայ կը գտնուի երկիրը:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան գումարելիք յաջորդ նիստը ուղղակիօրէն կապուած է պետական մարզի պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձի յաւելումին եւ ճշդումին հետ:
Միւս կողմէ, ան կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան գործընթացը ձախողցնել փորձող քաղաքական ուժերուն վերջ տալու իրենց այդ ընթացքին եւ փութալու նախագահական ընտրութիւն կատարելու ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին:
Միքաթի շնորհաւորեց լիբանանցիները Ս. Զատկուան ու Ծաղկազարդի զոյգ տօներուն առիթով եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց լիբանանցիներուն` մաղթելով Լիբանանին խաղաղութիւն եւ կայունութիւն:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ