Իսկ մենք՝ մեր նահատակներու թուքի՛ն իսկ արժանի չենք
Ժամանակները եւ նորօրեայ դէպքերը կը դաստիարակեն մեզ, աւելի լա՛ւ հասկնալու մեր նահատակներուն թողած պատգամը: Իրօ՛ք որ բացուող իւրաքանչիւր առաւօտ, հայ մարդուն համար յատուկ դաս ունի սորվեցնելիք, անցեալն ու ներկան բաղդատելու քննութիւն ունի ներկայացնելիք:
Բոլորս քաջատեղեակ ենք, որ ներկայ ժամանակները նոյնիսկ քանի մը տարի առաջուան պայմանները չեն. օրերը միշտ յղի են անակնկալներով, եւ չկայ ազգ մը կամ հաւաքականութիւն մը, որ ինքնիրեն զերծ նկատէ կամ փրկուած համարէ սոյն իրավիճակէն: Աշխարհը ընդարձակ գիւղի տեսք ստացեր է, հասարակաց պայմաններով եւ բոլորիս ծանօթ առօրեայով:
Մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան տխուր էջերը կը թերթատենք հաւաքաբար, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, հաւասարապէս: Ներկայ ժամանակներու աճող յղութիւնը առանց մտահան ընելու, կը լսենք իւրաքանչիւր հայու սիրտին անկանոն տրոփիւնը, վախի եւ անորոշութեան ազդեցութեան տակ: »Դէպի էրգիր« կարգախօսը արդէն ոմանց մօտ պետրոսեան թերահաւատութեան կանխանշաններ սկսած է ցոյց տալ, եւ նոյնիսկ արձակուրդի ճամբորդութիւններուն ուղղութիւնը փոփոխութեան ենթարկել:
Նահատակուած ժողովուրդի զաւակ ըլլալու, եւ 20րդ դարու արշալոյսին ցեղասպանուած հայ ազգի պահանջատէր նոր սերունդը հանդիսանալու շրջազգեստը հպարտութեամբ մեր ուսերուն առած, գրեթէ անով ծանօթ էինք աշխարհին: Դատ, որ ներկայ աշխարհը իր ապաբարոյ քաղաքականութեամբ տակաւին կը յամենայ անտեսել, ի հեճուկս բարոյականութեան, լոկ նիւթական շահերու հետապնդումով: Կոյր ու խուլ, համր ու թերաճ ձեւացնող աշխարհը, իրեն ի նպաստ պահերո՛ւն միայն մարդկային իրաւունքի պաշտպան կը հանդիսանայ, եւ այն ալ՝ որքան բուռն նուիրումով:
Այլապէս, ականջի խլութիւնը եւ աչքի տկարութիւնը լաւագոյն պատճառաբանութիւն ներկայացնելով՝ թշնամիիդ հետ սիրաբանելու պատրաստ է պերճաղիճ աշխարհը, քաղաքական հրապարակին վրայ գտնուող պոռնկատան զազրելի մահիճին մէջ:
Այո՛, դժբախտաբար այսօր աշխարհին ծանօթ ենք ո՛չ թէ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը եղած ըլլալու եզակի, շողշողուն փառքով, ո՛չ թէ մեր մշակութագանձ անկողոպտելի ժառանգութեամբ, այլ ընդհանրապէս ցեղասպանուած եւ անպաշտպան ազգ ըլլալու վիրաւոր պատկերով. իսկ կոտտացող սոյն վէրքին վրայ աղ ցանողը, օտարներէն ոմանց մեր հայրենիքին տեղն անգամ չիմանալու անգիտութիւնն է: Բայց անոնք բոլորն ալ ծանօթ են հանքարդիւնաբերական եւ նաֆթարդիւնաբերական մեծածաւալ առեւտուրով օրէցօր հարստացող բոլոր պետութիւններուն, ըլլա՛ն անոնք կռուարար, յարձակողապաշտ կամ ոճրագործ:
Ցեղասպանուած ազգ ըլլալու մեր դժբախտ պատմութիւնը նորութիւն մը չէ՛ աշխարհին: Դեռ 1895-96 թուականներուն՝ Համիտեան ջարդերուն ընթացքին 300 հազար հայերու խողխողումը, 1909ին Ատանայի կոտորածով իրականացուած 30 հազար հայերու նախճիրը, 1915ի Ցեղասպանութեամբ գործադրուած, արդէն նուիրական թուաքանակի սպանդը սրբադասուած մեր զոհերուն…: Վկայակոչելով պատմութիւնը, եւ մանաւանդ ժամանակակից ըլլալով նորօրեայ դէպքերուն, կը սարսափինք հաստատելու, որ իւրաքանչիւր 100 տարին անգամ մը, նոր աղէտ կը սպասէ մեր ազգին…։ Արդի՞ւնք…։ Նահատակնե՜ր… անթի՜ւ, անհամա՜ր նահատակներ…։ Լացող մայրե՜ր, քոյրե՜ր, եղբայրնե՜ր…։ Ի՞նչ կ՛ընեն արդեօք մեր նահատակները. կ՛անիծե՞ն մեզ. ատիկա շատ քի՜չ է. անոնք կը թքեն մեր երեսին: Սակայն այնքան անզգայացեր ենք եւ աներեսացեր, որ երբ անոնք թքեն, »անձրեւ կու գայ« կ՛ըսենք. իսկ մենք, իրօ՛ք որ մեր նահատակներու նուիրական թուքի՛ն իսկ արժանի չենք. մենք, որ չկրցանք ո՛չ անոնց արեան վրէժը լուծել, ո՛չ ալ անոնց կեանքով փրկագործուած հայրենի հողը պաշտպանել: Խօսիլը ի զո՜ւր է, քաջաբար ճառելը՝ ապարդիւն:
Հայրենիքը սահմանէն կը սկսի, եւ ո՛չ թէ օդանաւերու առաջնակարգ փափուկ բազմոցներուն վրայ ընկողմանած եւ մեծխօսիկ սնափառութեան կարգավիճակէն:
Հայրենիքը նաեւ չի՛ կերտուիր ներքին պառակտումներու ինքնաքանդ ու խաբէական պայքարներով, որոնց արդիւնքը ընդհանրական կործանումն է:
Մեր ընդհանուր տկարութեան, թուլութեան եւ անզօրութեան փաստը, մեր իրար կոտորելու »քաջագործութիւն«ն է: Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ, մեծէն մինչեւ փոքրը զիրար կը ջարդենք, կ՛անպատուենք եւ կը բարոյալքենք, աւելի՛ ազգասէր ու աւելի՛ հայրենասէր ցոյց տալու համար մենք զմեզ: Թշնամիին հակադարձել չկարենալու բացայայտ փաստեր են սոյն քայլերը՝ զիրար քննադատելը, հայհոյելը, սադրելը. իսկ մեր այս վարքով, մեծ քանակութեամբ ջուր կը լեցնենք թշնամիի հայաղաց ջրաղացին: Քաղաքական խմբաւորումները տուեալ երկրի կամ ազգի շրջագծին մէջ թշնամութեան խրամատներ չեն, այլ յառաջդիմութեան միջոցներ, շինիչ մրցակցութեան առիթներ: Տակաւին չունինք քաղաքական այս հասութիւնը, եւ սոյն խմբաւորումները թշնամի բանակներ կը համարենք…։ Անդաստիարակ ազգերու խորհրդարաններուն մէջ իրարու վրայ կօշիկ նետելու անկիրթ արարքները, մեր քով՝ մինչեւ իսկ զիրար սպաննելու տարբերակով կ՛իրականացնենք:
Տէր Զօրի անապատներուն մէջ մեր անթաղ կամ սահմանային խրամատներուն մէջ արիւնաքամ եղած նահատակներու վայելած հերոսութեան պատիւին կեղծ նախանձովը վառուած, ոմանք ընկերային ցանցերու վրայ իրարու հայհոյելը նորօրեայ հերոսութիւն կը կարծեն, զոր գործադրելով, լայն շրջանակներու մէջ անուն կը վաստկին, մեծ հռչակ կը շահին եւ ինքնախաբէութեամբ՝ թագաւորի բեհեզեայ շուրջառ կը հագնին…։ Իսկական ոչնչութիւններ, որոնք արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներէն օգտուելով՝ քանի մը կոճակներու սեղմումով, իրենց դատարկ ուղեղին մուրը ամէն օր ազգակիցներու առօրեայ հացին կը քսեն, բոլորին տուները այցելելով համարձակ, մարդոց ափերուն մէջ գտնուող ապակեայ սեւ դռներէն ներս սողոսկելով:
Լաւն ու վատը իրարմէ զանազանելու զգայնութիւնը կորսնցուցած հաւաքականութեան վերածուեր է մեր ազգը: Հազա՜ր ափսոս, դարաւո՜ր պատմութիւն ունեցող հայ ժողովուրդին…։ Այո՛, մենք մեր նահատակներու թուքի՛ն իսկ արժանի չենք, երբ զանոնք կը փոխարինենք անարժէք ու խամաճիկ հերոսներով, հաճոյք կը զգանք անոնց պատգամները լսելէն, անգրագէտ գրառումները կարդալէն կամ ուղիղ եթեր ելոյթները դիտելէն:
Դեռ աւելին, քաղաքականութենէն հեռու գտնուող հոգեւոր կեանքի շրջագծին մէջ, հայրենիքի մէջ հոգեւոր քարոզիչներ՝ մարդորսական քաղաքականութեամբ, իսկ Սփիւռքի մէջ բախտախնդիր անձեր, հոգեւորի շապիկ հագած՝ իրարմէ տարբեր շահերով ու մօտեցումներով, կէս խելքով ամբոխներու գլուխը անցեր են, արեւմտեան ազատամիտ աշխարհի կաղապարումով հոգեւոր բանակներ կազմեր, իրենք զիրենք բացառիկ եւ իմաստուն ղեկավարներ հռչակելով անոնց առջեւ: Կիսագրագէտ սոյն անձնաւորութիւններուն յաջողութեան գաղտնիքը, մէկ կողմէ մեր ազգի աւագ սերունդի զաւակներուն համեստ կրթութիւնն ու միամտութիւնն է, իսկ միւս կողմէ, մեր եկեղեցւոյ բաւարար թիւով պատրաստուած հոգեւորականներ չունենալն է, որ լաւագոյնս կ՛օգտագործուի այս փերեզակներուն կողմէ, ովկիանոսին մէկ ափէն մինչեւ միւսը։
Այո՛, մեր նահատակները իրենց գերեզմաններուն կամ անյայտ ձորերու մէջ, անապատի աւազներուն տակ փշրուած աճիւններով, կամ անտակ հորերու մէջ խեղդուած վիճակով, արիւն կը փսխեն: Որոշ ժամանակ, անոնք ղեկավարեցին մեր ազգը, իրենց ողջ կամ մեռած վիճակով:
Այսօր, ծանօթ եւ անծանօթ իւրաքանչիւր հայ մարդ՝ ղեկավար դարձեր է, կարծիք կ՛արտայայտէ, եւ աւելին՝ իր գաղափարը կը պարտադրէ ուրիշին: Այս արդէն տմարդութեան անդունդին յատակը ցոյց կու տայ: Իսկական ղեկավարութեան արարքը չի՛ յայտարարուիր եւ կարիք ալ չունի՛ յայտարարուելու. անիկա ինքնագործ ուժ է արդէն:
Այն պահուն երբ կարիք զգացիր ղեկավարութիւնդ յայտարարելու, կը նշանակէ, որ դուն ղեկավար չե՛ս…։ Կեանքի ընթացքին ամէնէն կարեւոր գործերը առանց խօսքի կ՛իրականացուին: Անոնց պատասխանները եւ թողած արդիւնքը կը բացայայտեն ղեկավարին ինքնութիւնն ու արժէքը:
Մեր նահատակները, այսօր՝ Ապրիլ 24ի նուիրական եւ սուրբ օրուան առիթով կը թքեն մեր երեսին. իսկ մենք անոնց թուքի՛ն իսկ արժանի չենք: Իցի՜ւ թէ, աներես ու ապիկար չըլլայինք, եւ անոնց թուքը շաղախ հանդիսանար, մեզի իրարու միազանգող: Ներկայ օրհասական պահուն, յուսալքուած ու քայքայուած մեր ժողովուրդին համար, մեր նահատակներուն թուքը մեզի իրարու փակցնող ձիւթը, կուպրը, շաղախը, նոյնինքն կիզակցման զօդիչ նիւթն է. իսկ մենք մեր նահատակներու թուքին արժանի՞ ենք: Իմ համեստ, բայց իրապաշտ պատասխանն է՝ ո՛չ արժանի չե՛նք, որովհետեւ ազգովին թմբիրի մէջ ենք:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
24 Ապրիլ, 2023
Տօն Սրբոց Նահատակացն
Ազգիս Հայոց
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ