Որոնել

Ռայի Պատրարքն ու ՀՅԴ Լիբանանի հայ դատի պատուիրակութեան անդամները Ռայի Պատրարքն ու ՀՅԴ Լիբանանի հայ դատի պատուիրակութեան անդամները 

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինի պատուիրակութիւնը այցելեց Ռայի պատրիարքին

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ քննարկելու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալու Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գործուող մշակութային ցեղասպանութեան:

24 ապրիլին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, դոկտ. Քրիստին Արզումանեան, Ճօ Զուլիքեան եւ Հրայր Գէորգեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Պքերքէ, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին առջեւ: Արտասանուեցաւ հայերէն ու արաբերէն աղօթք` մասնակցութեամբ մարոնիներու պատրիարքի քարտուղար հայր Հատի Տաուի:

Պատուիրակութիւնը ապա հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ: Այս առիթով Ճօ Զուլիքեան ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով արտասանեց խօսք մը` անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու հիւրընկալման ու օժանդակութեան մէջ մարոնի եկեղեցւոյ դերակատարութեան:

Ան նշեց, որ թրքական եւ ազրպէյճանական կառավարութիւնները Հայաստանի պատմական շրջաններուն` Արցախի, Նախիջեւանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կը քանդեն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ պաշտպանուած խաչքարերը, իսկ աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր գտնուած վայրերուն մէջ նորերը կը կանգնեցնէ:

Ռայի պատրիարքը գնահատեց արտասանուած խօսքը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդի պայքարի, յարատեւութեան ոգին ու կամքը:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ քննարկելու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալու Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գործուող մշակութային ցեղասպանութեան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2023, 08:00