Որոնել

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ժողով Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ժողով 

Պքերքէի մէջ. Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մերժեց հարաւային Լիբանանը վերածել պատգամներ փոխանակելու վայրի

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց շրջանային քաղաքական ուժերուն եւ միջազգային ընտանիքին` օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան կրէ այդ բեռը, որուն պատճառով նախապէս մեծ քանդումներու դէմ յանդիման գտնուած է:
Ունկնդրէ լուրը

Նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, երէկ Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստը, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ խորհուրդը կը հետեւի քաղաքական եւ դիւանագիտական շարժումներուն, որոնք կը կատարուին արաբական, շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ` իրագործելու համար նախագահական ընտրութիւնները:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն վերադառնալու իրենց խղճին:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մերժեց հարաւային Լիբանանը վերածել պատգամներ փոխանակելու վայրի մը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակէն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերէն պահանջեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրել:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց շրջանային քաղաքական ուժերուն եւ միջազգային ընտանիքին` օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան կրէ այդ բեռը, որուն պատճառով նախապէս մեծ քանդումներու դէմ յանդիման գտնուած է:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կտրականապէս մերժեց սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու միջազգային ընտանիքին փորձերը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2023, 08:20