Սուտանի մէջ զինադադարը տապալեցաւ. Բանակը կռիւներուն շրջանային կողմերու մեղսակցութեան մասին կը խօսի
Սուտանի մէջ բանակին ու Արագ աջակցութեան ուժերուն միջեւ բուռն կռիւները 5-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան, երբ երկրին մէջ մէկ օր առաջ հաստատուած զինադադարը ժամեր ետք տապալեցաւ, եւ կողմերը զիրար ամբաստանեցին զայն խախտելու յանցանքով:
Սուտանի բանակը Արագ աջակցութեան ուժերը ամբաստանեց երկու կողմերուն միջեւ միջազգային միջնորդութեամբ 24 ժամ տեւողութեամբ յայտարարուած մարդասիրական զինադադարը խախտելու յանցանքով, եւ «կռիւներուն մէջ շրջանային կողմերու մեղսակցութեան ցուցանիշեր»-ու մասին խօսեցաւ:
Արագ աջակցութեան ուժերը իրենց կարգին յայտարարեցին, թէ բանակը խախտած է համաձայնութիւնը` Խարթումի կարգ մը շրջաններուն մէջ իրենց ուժերուն վրայ յարձակումներ գործելով:
Մինչ այդ, Սուտանի բժիշկներու սենտիքան յայտարարեց, որ մայրաքաղաք Խարթումի եւ բախումներու վայրերուն մօտ գտնուող նահանգներու մէջ 39 հիւանդանոցներ դադրած են գործելէ, անոնցմէ 9-ը ռմբակոծումի ենթարկուած է, իսկ 16-ը` բռնի դատարկուած է:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 16 հիւանդանոցներ դադրած են գործելէ, եւ այդ թիւը պիտի բարձրանայ, եթէ բախումները շարունակուին:
Յիշեցնենք, որ Արագ աջակցութեան ուժերը երեքշաբթի օր յայտարարած էին, որ համաձայն են քաղաքայիններուն անվտանգ անցքի եւ վիրաւորներու դուրս բերման երաշխաւորման համար 24 ժամեայ զինադադարի հաստատման:
Շարք մը երկիրներ կոչ ուղղեցին Սուտանի մէջ մագլցումին վերջ տալու: Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի կողմերուն միջեւ իր միջնորդութիւնը առաջարկեց: Ալճերիան եւս պատրաստակամութիւն յայտնեց Սուտանի մէջ բախումները դադրեցնելու համար միջազգային նախաձեռնութեան ձեռնարկելու:
Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարար Նաժլա Մանքուշ երէկ իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց Սուտանի մէջ հակամարտող կողմերուն միջեւ միջնորդութիւն կատարելու:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ