Ֆրանսայի Քուրպըվուա քաղաքին մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձան
15 Ապրիլին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը մասնակցեցաւ Փարիզի մերձակայքը գտնուող Քուրպըվուա քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 108ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին, զոր կազմակերպած էր Քուրպըվուայի քաղաքապետական խորհուրդը՝ աւագանիի անդամ Ժան-Ժագ Սարաճեանի եւ Ֆրանսայի համար մարտնչած ֆրանսահայ զինուորներու ընկերակցութեան հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը՝ Facebook-ի իր էջին միջոցով։
Քուրպըվուայի քաղաքային գերեզմանատան մէջ գտնուող Յիշատակի կոթողին առջեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգեցին եւ ծաղկեպսակներ խոնարհեցին Քուրպըվուայի քաղաքապետ Ժագ Քոսովսքի, ծերակոյտի փոխնախագահ Ռոժէ Քարուչի, Օ-տը-Սեն շրջանի ծերակուտական, Կեդրոնական կուսակցութեան նախագահ Էրվէ Մարսէյ, պատգամաւոր Ֆիլիփ Ժիւվէն, Պուա-տը-Քոլոմպի քաղաքապետ Իվ Ռեւիոն, Իլ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի, Օ-տը-Սենի շրջանային խորհուրդի բազմաթիւ անդամներ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Սուսաննա Ադամեան եւ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները:
Քոսովսքի հանդիսաւոր կերպով յայտարարեց յաջորդ տարի քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան զետեղելու իր եւ Քուրպըվուայի քաղաքապետական խորհուրդի նախաձեռնութեան մասին։
Ոգեկոչման ելոյթներուն ընթացքին, Ֆրանսայի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները եւ տեղական իշխանութիւններու ղեկավարները, համերաշխութիւն եւ աջակցութիւն յայտնեցին աշխարհաքաղաքական դժուար մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուող Հայաստանին, Արցախին եւ մասնաւորապէս, առաւել քան չորս ամիսէ ի վեր Բերձորի միջանցքի փակումով՝ Ատրպէյճանի շրջփակման դիմակայող արցախահայութեան։
Զինուորական կարգով կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 108ամեակի ոգեկոչման ներկայ եղան նաեւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ տեղւոյն բնակիչները:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ