Տասը միլիոն մանուկներ Սահելի մէջ անապահով իրավիճակի մէջ են
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
2020ին՝ 5 միլիոն, այսօր՝ 10 միլիոն։ ԵՈՒՆԻՍԵՖի վերջին զեկոյցի մէջ արտացոլուած այս թիւը, որ վերջին երեք տարիներու ընթացքին կրկնապատկուած է, կը վերաբերի Սահելի շրջանի երեք երկիրներու մէջ՝ Պուրքինա Ֆազօ, Մալի և Նիկեր, օգնութեան կարիք ունեցող մանուկներուն, որոնք առաւել խոցելի դարձած են եւ զրկուած են կրթութեան հնարաւորութենէ հակամարտութիւններու սրման պատճառաւ: Այդ երեք երկիրներու մէջ փակուած են աւելի քան 8300 դպրոցներ՝ դառնալով ուղղակի թիրախաւորման առարկայ։
Միայն Պուրքինա Ֆազոյի մէջ 2022ի առաջին ինը ամիսներուն սպաննուած երեխաներու թիւը եռապատկուած է 2021ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, որոնց մեծ մասը հրազէնային վնասուածքներու զոհ դարձած են: Սահելի երկիրներու մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի խօսնակ Ճոն Ճեյմսը Վատիկան Նիուզին տուած հարցազրոյցին մէջ բացատրած է, որ «Արեւմտեան եւ Կենտրոնական Ափրիկէյի տարածաշրջանի երեխաները ամէնէ շատն են ներգրաւուած զինուած հակամարտութիւններուն մէջ»։
ԵՈՒՆԻՍԵՖը ցաւ յայտնած է նաեւ, որ նիւթական միջոցներու պակասը թոյլ չէ տար Սահելի մէջ իր ծրագիրները լիարժէք կերպով իրականացնելու համար։ Կազմակերպութիւնը անցեալ տարուայ համար նախատեսած 360 միլիոն եւրոյի փոխարէն ստացած է այդ գումարի միայն մէկ երրորդը, մինչ 2023ի համար պէտք ունի 437 միլիոն եւրոյի դրամական միջոցներու։
Ուստի, ՄԱԿի մանուկներու գործակալութիւնը մէկ կողմէ յորդորած է Սահելի երկիրներու կառավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոնց հիմնական հասարակական գործընկերներուն «զգալի չափով աւելցնել հիմնական հասարակական ծառայութիւններու եւ պաշտպանութեան հասանելիութեան ընդլայնմանը ուղղուած ներդրումները, որոնք էական են խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հասնելու համար»: Իսկ միւս կողմէ պատերազմող կողմերուն կոչ ըրած է յարգել միջազգային իրաւունքը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ