Ուքրանիա կը պահանջէ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ գումարել՝ միջուկային զէնքի վերաբերեալ Փութինի յայտարարութեան պատճառով
Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարել Պելառուսիոյ մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջուկային զէնքի տեղակայման ծրագրերու պատճառով։
Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ Մոսկուան եւ Մինսքը պայմանաւորուած են, չխախտելով միջազգային պարտաւորութիւնները, մարտավարական միջուկային զէնք տեղակայել Պելառուսիոյ մէջ: Փութին բացատրած է, որ Ռուսիան Պելառուսիոյ չի փոխանցեր իր միջուկային զէնքը, այլ կ'ընէ այն, ինչ կ'ընէր Միացեալ Նահանգները մէկ տասնամեակ շարունակ: Անոր խօսքով՝ Պելառուսիոյ մէջ մարտավարական միջուկային զէնքի պահեստարանի շինարարութիւնը պիտի աւարտվի 1 յուլիսին:
«Կը պահանջենք անյապաղ այդ նպատակով հրաւիրել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ։ Կը դիմենք «Եօթնեակի» եւ Եւրոպալան միութեան պետութիւններուն, որ զգուշացնեն Պելառուսիոյ իշխանութիւնները հեռահար հետեւանքներու մասին, եթէ համաձայնին իրենց տարածքին մէջ Ռուսիայէն մարտավարական միջուկային զէնք ընդունիլ», - նշուած էՈւքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին մէջ տարածած յայտարարութեան մէջ։ Ուքրանիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը Պելառուսիոյ մէջ մարտավարական միջուկային զէնք տեղակայելու մտադրութեան մասին յայտարարութիւնը անուանած է՝ սադրիչ քայլ:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ