Սուրիոյ և Թուրքիոյ երկրաշարժէն մէկ ամիս անց կան տակաւին աւելի քան երկու միլիոն տեղահանուածներ
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
2023 թուականի 6 Փետրուարին Թուրքիոյ հարաւը և Սուրիոյ հիւսիս արեւմուտքը ցնցած աւերիչ երկրաշարժէն անցած է մէկ ամիս, սակայն զոհերու եւ վնասներու թիւը օր ըստ օրին կ’աւելնայ։
Երկրաշարժը՝ թիւերով
Երկրաշարժէն տուժած երկու Երկիրներու տուեալներու համաձայն՝ հաստատուած զոհերու թիւը գերազանցած է 51․000ը՝ 44․300-ը՝ Թուրքիոյ, 6․700-ը՝ Սուրիոյ մէջ։ Բացի այդ ահռելի մեծ թիւ կը կազմեն անհետ կորածները։
Աննախադէպ այդ բնական աղէտը պատճառած է նաեւ մօտ 120․000 վիրաւոր, աւելի քան 2 միլիոն մարդ տեղահանուած է, իսկ 15 միլիոնը՝ ինչ-որ կերպ տուժած անոր պատճառած հետևանքներէն:
Օգնութեան կարիք ունեցող եւ ցնցումներէն տուժած մանուկներուն թիւը Սուրիոյ մէջ կը հասնի 3,7 միլիոնի, իսկ Թուրքիոյ մէջ՝ 2,5 միլիոնի ։
Այս բոլորը դիմակայելու համար ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը միջազգային կոչ արձակած է՝ առնուազն 400 միլիոն տոլար հաւաքելու համար։
Քարիթասի ջանքերը
Քարիթասին յարող բոլոր կազմակերպութիւնները եւս ողջ աշխարհէն կը ջանան երկրաշարժէն տուժած շրջաններու մէջ անտուն մնացած մարդկանց կացարաններ գտնելու եւ հոգեբանական օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ:
Այս առաջին ամսուան ընթացքին Քարիթասը մարդկանց տրամադրած է ժամանակաւոր ապաստաններ, սնունդ և առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ։ Արդեն քանի մը շաբաթ ի վեր սկսած են նաև կրթութեանն աջակցելու աշխատանքները։
Հարաւարեւելեան Եւրոպայի համար իտալական Քարիթասի համակարգող, Տանիլէ Պոմպարտին, որ կը կազմակերպէ և կը հետեւի բարեգործական օգնութիւնները Ստամբուլէն, Վատիկան Նիուզին տրուած հարցազրոյցի մէջ բացատրած է, որ․ «Սուրիացիներու պատմութիւնը ամէնէ տխուր պատմութիւնն է, քանզի պատերազմ ապրած ժողովուրդի մէկ մասը լքելով իրենց տուները ապագայ փնտռած էին Թուրքիոյ հարաւին մէջ։ Եւ այժմ այդ սուրիացիները կորսնցուցած են ամէն ինչ եւ պէտք է զեռոյէն սկսին։ Այդ պատճառաւ շատ տեղահանուած սուրիացիներ հոգեբանական լուրջ դժուարութիւններ ունին»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ