Հայաստանը կը շարունակէ դասուիլ «Մասնակի ազատ» երկիրներու շարքին
Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ 2023» տարեկան զեկոյցը: Այս զեկոյցով կը գնահատուի աշխարհի մէջ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու վիճակը:
Զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստանի վարկանիշը 2022-ին գնահատուած է 54՝ 100-ի վրայ: Նախորդ տարուան զեկոյցին մէջ Հայաստանը հաւաքած էր 55 նիշ: Այսպիսով, Հայաստանը կը շարունակէ դասուիլ «մասնակի ազատ» երկիրներու շարքին:
Զեկոյցին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է, որ ազրպէյճանական սեպտեմբերեան յարձակումները Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ զգալի ազդեցութիւն ձգած են Հայաստանի ժողովրդավարական յետագիծին վրայ եւ արժանի են յատուկ քննութեան 2023-ին.
«ազրպէյճանական ուժերը շարունակած են յարձակումները եւ գրաւած են հայկական տարածքներ սահմանի երկայնքով՝ սպառնալով Երեւանի ժողովրդավարական իշխանութեան եւ մեծցնելով լայնածաւալ պատերազմի վտանգը»:
Աղբիւրը՝ Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ