Որոնել

Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Ռայի Պատրիարք. «Պատասխանատուներէն կ՛ակնկալենք, որ Աստուծոյ դիմաց հաստատեն իրենց պատասխանատուութիւնը` պետութիւնը քանդելու եւ նախագահական ընտրութիւն չկատարելու առումով»

Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ երեսփոխաններուն, թէ ինչո՞ւ իրենց սահմանադրական պատասխանատուութիւնը կ՛ուղղեն պետութիւնը քանդելու եւ զայն բարեկարգումներէ զրկելու ուղղութեամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Աւետման տօնին առիթով յղեց պատգամ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ զուգադիպութիւն մը չէ, որ 27 հոկտեմբեր 2010-ին լիբանանցիները պաշտօնական հրամանագիրով մը եւ միաձայնութեամբ յայտարարած են, թէ Աւետման տօնը իսլամական-քրիստոնէական ազգային միացեալ տօն մըն է:

Ան աւելցուց, որ օրին Վատիկանը ողջունեց այս որոշումը եւ շնորհաւորեց լիբանանցիները` հաստատելով, որ իսլամներն ու քրիստոնեաները սիրոյ եւ բարեկամութեան ռահվիրաներն են:

Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ նաեւ, որ այս առիթը կը զուգադիպի նաեւ իր պատրիարքութիւնը ստանձնելու 12-ամեակին, որուն առիթով ինք կը հաստատէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու գոյակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը եւ ցաւ կը յայտնէ այն վիճակին համար, որուն մատնուած է այսօր լիբանանցին:

«Պատասխանատուներէն կ՛ակնկալենք, որ Աստուծոյ դիմաց հաստատեն իրենց պատասխանատուութիւնը` պետութիւնը քանդելու եւ նախագահական ընտրութիւն չկատարելու առումով», շեշտեց ան:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը կիրակի օր նախագահեց Պքերքէի մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ան ցաւ յայտնեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները երկիրն ու պետութիւնը այս վիճակին հասցուցած են եւ երկիրը ամէն իմաստով բռնագրաւած, «սակայն իմացէք, որ անիրաւութիւնը երկարատեւ չի կրնար ըլլալ, ու անիրաւը շատ աւելի մեծ անիրաւութեան ու չարիքի դէմ յանդիման կրնայ գտնուիլ», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ երեսփոխաններուն, թէ ինչո՞ւ իրենց սահմանադրական պատասխանատուութիւնը կ՛ուղղեն պետութիւնը քանդելու եւ զայն բարեկարգումներէ զրկելու ուղղութեամբ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2023, 08:44