ՀՀ նախագահի շնորհաւորական հեռագիրը Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան տասնամեակի կապակցութեամբ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Հռոմի Պապ ընտրուելու տասնամեակի կապակցութեամբ ի շարս այլ պաշտօնական շնորհաւորագիրերու` Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական գիր ուղղած է նաեւ ՀՀ նախագահ` Վահագն Խաչատուրեանը։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպանութիւնը։
«Վերյիշելով Սուրբ Պետրոսի Աթոռի գահակալի պատմական այցը Հայաստան, ՀՀ նախագահը բարձր գնահատած է մարդկութեանը բաժին հասած արդի մարտահրաւէրները երկխօսութեան, հաշտեցման ու բարեկամութեան հոգիով յաղթահարելու Նորին Սրբութեան շարունակական ջանքերը և յոյս յայտնած է, որ հայ-վատիկանեան միջպետական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները առաւել կ՛ընդլայնուին ու կը հարստանան նորանոր ձեռքբերումներով» գրուած է այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ