Կեդրոնական դրամատան դիմաց բողոքի նստացոյց եւ ճամբաներու փակում
Լիբանանեան դրամատուներուն մէջ գումար ունեցող քաղաքացիներու միութիւնը երէկ կազմակերպեց բողոքի նստացոյց մը, որ կատարուեցաւ Կեդրոնական դրամատան դիմաց` մերժելով անոր կողմէ հրապարակուած հրամանագիրները, որոնք իրենց համար անիրաւութիւն կը նկատուին:
Մեծ թիւով բարկացած ցուցարարներ երէկ կէսօրէ առաջ հաւաքուեցան Համրա եւ Կեդրոնական դրամատան դիմաց գործադրեցին իրենց բողոքի ցոյցը` հրկիզելով անիւներ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան վրայ նետելով պայթուցիկներ:
Ցուցարարները ուղղուեցան նաեւ Համրայի այլ դրամատուներ եւ փորձեցին քանդել անոնց ապակեփեղկերը:
Ցուցարարները ուղղուեցան նաեւ Ժնահ եւ փորձեցին մուտք գործել «Ֆրանսապանք» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Նատիմ Քասսարի բնակարանը:
Դրամատուներուն մէջ գումար ունեցող քաղաքացիներուն բողոքի ցոյցը զսպելու եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու նպատակով լիբանանեան բանակը յաւելեալ ուժ գործուղեց Համրա:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ