Որոնել

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման 

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ներթափանցեցին Արցախի տարածքը

Ատրպէյճանական կողմի դիրքային յառաջխաղացքէն ետք ամբողջութեամբ փակուեցաւ հողային գետին ունեցող Ստեփանակերտ-Լիսագոր ճամբան, որ, ըստ Ստեփանակերտի, կ՛օգտագործուէր Ստեփանակերտի եւ Շուշիի շրջանի չորս համայնքներու միջեւ քաղաքացիական հրատապ հաղորդակցութեան համար:

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, անգամ մը եւս ոտնահարելով 8 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ 25 Մարտին, Շուշի-Լիսագոր հատուածին մէջ խախտեցին նոյն փաստաթուղթով ամրագրուած շփման գիծը եւ դիրքային թափանցում կատարեցին Արցախի Հանրապետութեան տարածքը: Այս մասին յայտնեցին Արցախի տեղեկատուական շտապէն:

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու կոպիտ խախտման մասին անմիջապէս տեղեկացուցին Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը՝ նկատի ունենալով տուեալ փաստաթուղթով անոր ստանձնած առաքելութիւնը եւ գործառոյթները: Իշխանութիւնները խաղաղապահ զօրակազմէն գործնական քայլեր կ՛ակնկալեն այս խախտման հետեւանքներու վերացման եւ նոր խախտումներ կանխարգիլելու նպատակով:

«Ադրբեջանական կողմի կեղծ պնդումը Ստեփանակերտ-Ղայբալիշէն-Լիսագոր լեռնային ճանապարհը իբր զինամթերքի փոխադրման նպատակով կիրառելու մասին պարզապէս պատրուակ է իրենց հերթական ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) ու ապակառուցողական գործողութիւնների իրականացման համար: Այդ նոյն պնդմամբ նրանք Մարտի 5ին յարձակուեցին ու սպաննեցին ծառայողական պարտականութիւնները կատարող երեք ոստիկանի եւ վիրաւորեցին եւս մէկին«, ընդգծեց պաշտօնական Ստեփանակերտը՝ աւելցնելով. »Արցախի իշխանութիւնները քանիցս յայտարարել են, որ Դեկտեմբերի 12ից մեկնարկած շրջափակման պայմաններում տուեալ լեռնային ճանապարհն օգտագործւում է Ստեփանակերտի եւ Շուշիի շրջանի չորս համայնքների միջեւ քաղաքացիական ու հրատապ հաղորդակցութեան կազմակերպման համար, ինչն իրականացւում է բարձր մեքենաներով՝ հաշուի առնելով տեղանքի խիստ բարդ ու վտանգաւոր ռելիեֆը (մակերեւոյթը)»:

Տեղեկատուական շտապը կը շեշտէ նաեւ, որ՝ «պաշտպանութեան բանակի գոյութիւնն ու բնականոն գործունէութիւնը որեւէ վտանգ չի ներկայացնում որեւէ մէկի հանդէպ, քանի որ նախատեսուած է բացառապէս ինքնապաշտպանութեան համար՝ նկատի ունենալով Արցախի ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեան ու անվտանգութեան դէմ ուղղուած իրական ու անմիջական վտանգներն ու սպառնալիքները»:

Ատրպէյճանական կողմի դիրքային յառաջխաղացքէն ետք ամբողջութեամբ փակուեցաւ հողային գետին ունեցող Ստեփանակերտ-Լիսագոր ճամբան, որ, ըստ Ստեփանակերտի, կ՛օգտագործուէր Ստեփանակերտի եւ Շուշիի շրջանի չորս համայնքներու միջեւ քաղաքացիական հրատապ հաղորդակցութեան համար:

Աւելի ուշ շտապը յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն թափանցումէն ետք, խաղաղապահները դիրքաւորուած են Ստեփանակերտ-Լիսագորի յարակից բարձունքին եւ կը վերահսկեն զայն, ինչպէս նաեւ անոնք բանակցութիւններ կը վարեն ատրպէյճանական կողմին հետ՝ ապահովելու համար իրենց վերադարձը ելման դիրքը: 

Ասոր զուգահեռ, պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ձեռնարկեցին համապատասխան քայլերու՝ կանխելու ատրպէյճանական հաւանական հետագայ սադրանքները եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, երաշխաւորելու տուեալ լեռնային ճամբուն ապահով գործածութիւնը: 

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժի ստորաբաժանումը, խախտելով Ատրպէյճանի նախագահին, Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսիոյ նախագահին 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան առաջին կէտը, հատեցին կողմերու շփման գիծը Շուշիի շրջանին մէջ, «տեղակայուեցան 2094,0 նիշով բարձունքը (Սարըբաբա լեռէն 2.9 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք) եւ սկսան դիրքի ճարտարապետական կահաւորման: 

«Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը ձեռնարկեց ճգնաժամային իրավիճակի մագլցումի եւ հակամարտ կողմերու՝ փոխադարձ սադրանքներու կանխարգիլման վերաբերող միջոցներ», կ՛ըսուի Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ ռազմական գերատեսչութեան ամէնօրեայ տեղեկագիրին մէջ:

Նաեւ կը շեշտուի, որ ատրպէյճանական կողմին փոխանցուեցաւ պետութիւններու ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւններու դրոյթներու պահպանման, ճարտարապետական աշխատանքներու դադրեցման եւ ազգային զինուած ուժերու՝ դարձեալ նախնական դիրքերը քաշուելու պահանջը:

Արցախի իշխող «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ այդ ճամբով այլեւս որեւէ շարժ կարելի չէ կատարել, որովհետեւ ատրպէյճանական զինուժը նոր տեղակայուած բարձունքէն արդէն ամբողջութեամբ կը հսկէ անոր:

«Ամբողջութեամբ հիմա էդ ճանապարհը տեսանելի է իրենց էդ զբաղեցրած բարձունքից եւ այդտեղով որեւէ շարժ, անվտանգութեան առումով, չի կարող իրականացուել: Կարող են ռմբակոծել, կրակել, նպատակն էլ դա էր, որ էդ գրունտային (գետնեայ) ճանապարհը, որ կապում էր Ստեփանակերտը Հին Շէն, Մեծ Շէն եւ Լիսագոր համայնքների հետ, էդ ճանապարհն ամբողջութեամբ կանգնեցնել», դիտել տուաւ Յարութիւնեան:

Շաբաթ օրուան յառաջխաղացումէն ետք, Ատրպէյճանի զինուժը 27 Մարտի առաւօտեան դարձեալ նոյն հատուածին մէջ՝ Ստեփանակերտ-Լիսագոր ճամբու յարակից բարձունքներէն մէկուն ուղղութեամբ փորձեց յառաջանալ:

Արցախի պաշտպանական բանակը, սակայն, հաղորդեց, որ կանխարգելիչ գործողութեամբ կասեցուած է ատրպէյճանական ստորաբաժանման յառաջխաղացքի փորձը:

Թէ ի՛նչ կանխարգելիչ գործողութիւններու դիմուած է եւ արդեօք կա՞ն տուժողներ՝ պաշտպանական բանակը չմանրամասնեց: Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ միայն կը նշուի, որ միջադէպին մասին հաղորդուեցաւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան:

«Դիրքային ամրապնդում են փորձել իրականացնել, որը կասեցուել է մեր ստորաբաժանումների կողմից՝ պաշտպանութեան բանակի: Փորձում էին որոշակի դիրքային փոփոխութիւններ ունենալ», նշեց ւ Յարութիւնեան:

25 Մարտին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերող յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ ակնկալելով ռուս խաղաղապահներու գործնական քայլերը, ինչպէս նաեւ հրամայական համարելով միջազգային հանրութեան կոշտ դիրքորոշումը:

«Նման գործողութիւններով Ադրբեջանը ձգտում է է՛լ աւելի խստացնել Արցախի շրջափակումը՝ խզելով միակ կապը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ հանրապետութեան Շուշիի շրջանի մի շարք գիւղերի միջեւ: Միաժամանակ, ադրբեջանական կողմը փորձում է իրականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող եւ շինծու յայտարարութիւններով արդարացնել իր իսկ անօրինական գործողութիւններն ու սադրանքները: Արցախի շուրջ օղակը սեղմելու Ադրբեջանի գործողութիւնները ցինիկ (շնական) պատասխան են Արցախը Հայաստանի հետ կապող Լաչինի միջանցքի անյապաղ ապաշրջափակման վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշմանը, եւ մարտահրաւէր՝ միջազգային իրաւակարգին: Ակնկալում ենք, որ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմը գործնական քայլեր կըձեռնարկի՝ վերացնելու Ադրբեջանի կողմից 2020 թ. Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթների հերթական խախտման հետեւանքները, ինչպէս նաեւ կանխարգելելու նոր հնարաւոր խախտումները«, կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԿԱՏԱՐՈՂՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈԻՆ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ նախորդող օրերուն խաղաղապահները Մարտունիի շրջանին մէջզինադադարի դրութեան խախտում արձանագրեցին:

Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժինի Կարմիր Շուկայի բաժանմունքը 26 Մարտին ստացաւ հաղորդում մը՝ որ առաւօտեան ժամը 10:10ի շուրջ, երբ Սօս գիւղի բնակիչներ Ռազմիկ Յարութիւնեան եւ Երուանդ Բալայեան գիւղի վարչական տարածքի »Խզազէն Տակ« կոչուող տեղամասի խաղողի այգիին մէջ երկրագործական աշխատանք կը կատարէին, հակառակորդի դիրքերէն հրաձիգներով անկանոն կրակոցներ արձակուեցան իրենց ուղղութեամբ: 

«Նոյն օրը՝ ժամը 11:05ի սահմաններում, Թաղավարդ գիւղի բնակիչներ՝ Վովա Խաչատրեանը եւ Ռուբեն Ալաւերդեանը նոյն գիւղի վարչական տարածքում գտնուող »Շեխերի Երես« կոչուող տեղամասի ցորենի դաշտում գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելիս, յայտնուել են ադրբեջանցի զինծառայողների կրակոցների թիրախում: Յարակից ադրբեջանական մարտական դիրքերից հրաձգային տարբեր զինատեսակներով անկանոն կրակոցներ են արձակուել Արցախի քաղաքացիների ուղղութեամբ: Բարեբախտաբար, ոչ ոք չի տուժել: Սակայն, հերթական անգամ դադարեցուել են գիւղատնտեսական աշխատանքները», կը նշուի ներքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:  

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ ատրպէյճանական բանակը »անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկեց« Լաչինի ճամբէն հիւսիս հողային գետին ունեցող տարածքին վերահսկողութեան համար:

Պաշտօնական Պաքու հաղորդագրութեան մը միջոցաւ պնդեց, որ Արցախի մէջ «գիւղատնտեսական աշխատանքներու քօղին տակ փորձ կը կատարուի խրամատներ փորելու«, եւ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներուն ձեռնարկած »անյետաձգելի քայլերուն իբրեւ արդիւնք աշխատանքները անմիջապէս դադրեցուած են»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2023, 08:38