Պքէրքէի մէջ հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Ռայի Պատրիարքին միջեւ
Չորեքշաբթի, 22 մարտի երեկոյեան, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքէրքէի մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ յիշեալ եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին միջեւ, ներկայութեամբ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ պատրիարքական փոխանորդ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսին։
Հանդիպման միակ նիւթը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնն էր։ Յիշեցնենք, որ այս հարցին գծով Ռայի Պատրիարք շուրջ երկու ամիս առաջ այցելած էր Անթիլիասի Մայրավանք եւ որմէ ետք խորհրդակցութիւնները շարունակուած էին երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ, մասնակցութեամբ երեսփոխան Բագրատունիի եւ Սայյահ Արքեպիսկոպոսին։
Նշենք, որ յիշեալ հարցին գծով խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին։
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ