Որոնել

Լաւրով Եւ Միրզոյեան Լաւրով Եւ Միրզոյեան  (Copyright 2022 The Associated Press. All rights reserved)

Լաւրով եւ Միրզոյեան քննարկած են Բերձորի միջանցքի փակման եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խափանման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հանդիպումի ընթացքին անդրադարձած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:
Ունկնդրէ լուրը

«Ռայիսինա երկխօսութիւն» խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ Նիւ Տելհի գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 3 մարտին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերու շուրջ:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խափանման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը:

Ընդգծուած է ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման եւ Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը` խստօրէն հետեւելով 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, շրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի շուրջ հարցերու:

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հանդիպումի ընթացքին նաեւ անդրադարձած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2023, 08:38