Որոնել

2023.02.28 quaresima digiuno penintenziale

Մեծ Պահքը Սուրբ Նարեկացիին Մատեանով. Գրեց՝ Արժ. Տ. Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանը այս առումով ազդեցիկ միջոց է առ Աստուած դարձի։

Մեծ Պահոց շրջանը աղօթքի մէջ խորանալու առիթ է։ Ինքնաքննութեան, խոստովանութեան եւ մեղքէն հրաժարելու համար հարկ է դիմել աղօթքի, որպէսզի առ Աստուած դարձը ըլլալ խորքային, եւ ո'չ մակերեսային։ Ըլլայ բուռն ցանկութիւն, եւ ո'չ ձեւական արտայայտութիւն։ Ըլլայ խորազգաց զղջումի եւ հոգեւոր ապրումի հետեւանք։ Դարձի գալու ընթացքին մէջ աղօթքն է մղիչ ուժը, որուն ճամբով մեղաւորը Տիրոջ հետ հաշտուելու վճռական որոշում կը կայացնէ եւ աստուածահաճոյ նպատակ կը հետապնդէ։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանը այս առումով ազդեցիկ միջոց է առ Աստուած դարձի։

Մեր յոռի սովորութիւնները,  ժխտական գաղափարները, այլամերժ մտայնութիւնները, անսանձ կիրքերը, հոգեքանդ հակումները, յաճախակի սայթաքումները եւ բարոյական անկումները մեր ներաշխարհին տխուր իրավիճակը կը պարզեն։

Սովորաբար մարդ արարածը ուրիշին սխալով կը հետաքրքրուի, այլոց թերութիւնները շուտով կը նկատէ, շրջապատին բացթողումները անխնայ կերպով կը բացայայտէ, իր կոպիտ յանցանքները կը ծածկէ, իսկ ուրիշին ակամայ վրիպումները հանրութեան կը հրապարակէ։ Ընդհանրապէս խոստովանելէ եւ մեր տկարութիւնը ընդունելէ կը խուսափինք։ Մեր յաջողութիւնը մեր արժանիքներուն կը վերագրենք, իսկ եթէ ձախողութեան մատնուինք` չենք ուզէր յետադարձ ակնարկով վերատեսութեան ենթարկել մեր ընթացքը, ահա թէ ինչո'ւ անտեղի ձեւով մարդոց կ`այպանենք, ինքնարդարացման միջոցներ կը փնտռենք եւ Քրիստոսի փրկութեան հրաւէրը կարծրասրտութեամբ կը մերժենք։ 

Մատեան ողբերգութիւնը Սուրբ Նարեկացիին ջերմեռանդ բարեպաշտութեան եւ անկեղծ ապաշխարութեան արտայայտիչն է։ Իմ համոզմամբ Նարեկացիի աղօթագիրքը պահքի սրբազան խորհուրդը եւ հոգեւոր խորքը ըմբռնելու մեծապէս կը նպաստէ։

Առանց աղօթքի պահքը ամբողջական նշանակութիւն չունենար։ Պահքը նուիրականացնողը աղօթքն է, իսկ պահքը ապրելակերպի վերածողը ողորմութիւնն է, այսինքն` ներելը եւ բարիք գործելը։ Պատահական չէ, երբ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Լերան քարոզին մէջ յատուկ բաժին վերապահեց ողորմութեան, աղօթքի եւ ծոմապահութեան, անոնց վերաբերեալ ուսուցումներ փոխանցելով։ (Տես Աւետարան Ըստ Մատթէոսի 6րդ գլուխ)

Ս.Գրիգոր Նարեկացի իր աղօթքին ընդմէջէն  տրտմութեան կը յիշէ տատանումներն ու տատամսումները, երկիւղած զգացումներով կը մտաբերէ յանցանքներուն ծանրութիւնն ու դատաստանին ահաւորութիւնը, բայց միաժամանակ անխախտ յոյսով Տիրոջ ողորմութեան կ`ապաւինի, այս առումով ուշագրաւ են անոր հետեւեալ հոգեխօս բառերը."Ամէն հոգի քեզի կ`ակնկալէ յոյսով, Քու շնորհացդ կարօտ են թէ' երկնայինները եւ թէ' երկրայինները. թէ' մեղքով ինկածը եւ թէ' արդարութեամբ կանգնածը. թէ' տէրը եւ թէ' ծառան. թէ' տիկինը եւ թէ' աղախինը. Քու ձեռքիդ մէջ է ամենուն կենդանի շունչը։ Ու Քեզի, Հօրը եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ, փառք յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։ (Բան ՁԲ)

Ս.Նարեկացիի աղօթքամատեանը հոգեշահ յատկութեամբ եւ հոգեպարար բովանդակութեամբ հոգեհարազատ կտակ է, խորհրդաւոր մասունք է, ապաշխարութեան բժշկարար դեղագիր է, մեղքին ամօթալի հետքերը յիշեցնող  ողբանուագ տաղ է եւ Տիրոջ անհուն սէրը ծանուցող քաղցրաձայն մեղեդի է։

Մեղքը տարօրինակ կերպով կը թափանցէ մեր կեանքին մէջ։ Պօղոս առաքեալ կը յորդորէ ըսելով." ...Մէկ կողմ ձգենք մեղքը, որ մեզ դիւրաւ կը պաշարէ..."։(Եբր 12.1) "Դիւրաւ կը պաշարէ" բառերը ցոյց կու տան թէ մեղքը շուտ մուտք կը գործէ։ Սակայն աստուածահաճոյ կեանք ապրելու համար հարկ է աղօթական կեանքին ուշադրութիւն դարձնել, որպէսզի չարը արմատէն մերժենք եւ արդարութիւն գործենք։ Սուրբ Նարեկացին իր աղօթաշունչ մատեանով մեզի կը ներկայանայ որպէս աղօթակից եւ պատերազմակից։ 

Կարելի չէ ապաշխարել առանց խոստովանանքի։ "Նարեկ"ով մեր առջեւ կը հարթուի ուղին սրտբաց զղջման եւ անվերապահ խոստովանութեան։ Սուրբ կ`ըսէ."Նորէն ողբ կրկնապէս եղկելիիս, Վասնզի ծայրայեղ բարկութեամբ հասակիս  հասկին կու գայ կը հասնի մանգաղը` հնձելու համար, դատաւորը` զատելու համար, հզօրը` խօսելու համար, սպառնացողը` կորսնցնելու համար, հովիւը` զատելու համար։ (Բան ԼԸ)

Յոյսն է աղօթքին յենարանը, Տիրոջմէ փրկութիւն ակնկալելու միջոցը, ետ դարձի ուղին բացայայտող եւ ելքի ճանապարհը ընտրելու խրախուսող առաքինութիւնը։ Հակառակ յուսահատեցուցիչ մեղքին` փրկութեան կանչն է հասանելի, ազատումի հնարքն է կարելի եւ հաշտութեան հրաւէրն է լսելի։ Առիթն է արթնութեան։ Տակաւին յոյսի կը մղէ աղօթք մատուցելու, ողորմութիւն խնդրելու, ներում աղաչելու, Տիրոջ մօտենալու, խաւարային մեղքէն դուրս գալու, լոյսի որդի ըլլալու. եւ Սուրբ Նարեկացիի հետ Տէր Յիսուս Քրիստոսի սրտի խորերէն ըսելու."Եթէ ուզես քաւել` կարող ես. եթէ բժշկել` զօրաւոր ես. եթէ կենդանացնել` ձեռնհաս ես. եթէ շնորհել` առատ ես. եթէ առողջացնել` հնարաւոր ես. եթէ պարգեւել` ամենալից ես. եթէ արդարացնել` ամենարուեստ ես. եթէ մխիթարել` ամենամերձ ես. եթէ նորոգել` ամենակալ ես. եթէ հրաշագործել` ամենաթագաւոր ես. եթէ վերստին հաստատել` Արարիչ ես"։(Բան ՀԶ)

Մատեան ողբերգութիւնը կը հանդիսանայ սփոփարար ձայնը տագնապահարին, խաղաղարար հպումը հոգեխռովին եւ սրբաշող կանթեղը խաւարածին։

Տէր Յիսուս Քրիստոս Ձիթենեաց լեռ աղօթեց, Իր օրինակով մեզի աղօթել սորվեցուց եւ պատուիրեց որ աղօթենք։ Մենք Ձիթենեաց լեռ հասնելու հնարաւորութիւն չունինք, բայց սուրբ Նարեկացին իր աղօթական կեանքով դարձաւ հայ եկեղեցւոյ Ձիթենեաց լեռը, աղօթասէր հաւատաւորներու աստուածախօս ուղեկիցը եւ հանդերձեալին փառքը նախապատմող վկան։

Սուրբ Նարեկացիին աղօթամատեանը մեր հոգեւոր ներաշխարհը հարստացնող սրբաշող նշխար է։ Եթէ անծանօթ ենք սուրբին աղօթքներուն` օրհնութիւն ստանալու եզակի առիթ մը կորսնցուցած պիտի ըլլանք։ 

Ուրեմն եկէք հաւատքի մղումով կարդանք Սուրբին աղօթքները, որպէսզի իրատեսութեամբ մեղքին աւերիչ ներկայութիւնը Նկատենք եւ պայծառատեսութեամբ  "Խաւարը անիծելու փոխարէն մոմ վառենք"։

Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2023, 09:28