Որոնել

GREECE-TRANSPORT-ACCIDENT

Գնացքներու ծանր արկած Յունաստանի մէջ. Կան տասնեակ զոհեր

Արկածի հետեւանքով հունէն դուրս եկած են 3 վակոններ։ Շտապ օգնութեան գործողութիւններուն մասնակցած են 40է աւելի հրշէջներ մինչ վիրաւորները փոխադրուեցան արկածի զոհերուն տրամադրութեան տակ դրուած շրջանի երկու հիւանդանոցներ ։ Անոնցմէ 25ն ծանր վիճակի մէջ են։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Տեղական ժամանակով կէսգիշերուայ մօտ 350 ուղևորներով Աթէնք-Թեսաղոնիկէ ուղղութեամբ ընթացող մարդատար գնացքը Լարիսա քաղաքի մօտ բախում ունեցաւ բեռնատար շոգեկառքի մը հետ որու պատճառաւ կան առ նուազն 38 զոհ եւ 85է աւելի վիրաւոր։

Արկածի հետեւանքով հունէն դուրս եկած են 3 վակոններ։ Շտապ օգնութեան գործողութիւններուն մասնակցած են 40է աւելի հրշէջներ մինչ վիրաւորները փոխադրուեցան արկածի զոհերուն տրամադրութեան տակ դրուած շրջանի երկու հիւանդանոցներ ։ Անոնցմէ 25ն ծանր վիճակի մէջ են։

Յունաստանի ԱԻՆ մարմիններ քննութիւն բացած են եղածին շուրջ։

«Իմ մտքերս ուղղուած են Յունաստանի ժողովրդին՝ անցած գիշեր Լարիսայի մերձակայքը տեղի ունեցած սարսափելի գնացքի վթարէն յետոյ, որ խլեց բազմաթիւ կեանքեր»,- գրած է Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն տըր Լայէնը Twitter-եան կայքին վրայ, ընդգծելով, որ «ամբողջ Եւրոպան կը սգայ ձեր հետ» ու բոլոր վիրաւորներուն մաղթելով «շուտափոյթ ապաքինում»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2023, 10:47