Որոնել

2023.03.28   Film Aurora's Sunrise

«Արշալոյսի Լուսաբացը» ֆիլմը իր յաղթարշաւը կ՝արձանագրէ միջազգային փառատօներուն

Վերջին մրցանակը մինչ օրս եղած է ամենանշանակալիցը․ 10 օր տեւած վաւերագրական եւ գեղարուեստական ֆիլմերու ցուցադրութենէն ետք՝ ֆիլմը արժանացաւ Զուիցերիոյ Միջազգային փառատօնի եւ Մարդու իրաւունքներու համագումարի (FIFDH) գլխաւոր մրցանակին
Ունկնդրէ լուրը

«Արշալոյսի լուսաբացը» պատմական վաւերագրական ֆիլմը՝ հիմնուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Աւրորա Մարտիկանեանի (Արշալոյս Մարտիկեան) իրական պատմութեան վրայ, ճանաչման եւ մեծարանքի կ՝արժանանայ, կը ստանայ բազմաթիւ մրցանակներ ամենատարբեր միջազգային փառատօներու ընթացքին եւ մրցանակաբաշխութիւններու՝ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։։

«Զօրեան» ուսումնարանի՝ Աւրորա Մարտիկանեանի հետ իրականացուցած բնօրինակ հարցազրոյցին վրայ հիմնուած այս ֆիլմը կը պատմէ երիտասարդ հայ աղջնակի ողջ մնալուն խիզախ պատմութիւնը, որ աշխարհին զայն ներկայացնելու համար յաղթահարած է աներեւակայելի դժուարութիւններ։«Զօրեան» ուսումնարանը 2015թ. համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած է «Պարս մեդիա»-ի հետ՝ «Զօրեան» ուսումնարանի բանաւոր պատմութեան վկայութիւնները մեծ պաստառին animatione-ի միջոցով կեանքի կոչելու, Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու պատմութիւնները երիտասարդ սերունդներուն փոխանցելու եւ համայն աշխարհի մէջ երիտասարդ կանանց ու աղջիկներուն այս պատմութեամբ ոգեշնչելու եւ հզօրացնելու նպատակով, որպէսզի հետեւելով Աւրորայի պատմութեան՝ իրենք եւս ի զօրու ըլլան ներկայացնելու իրենց համայնքները բռնութիւններու եւ ցնցումներու պարագային:

2022թ. Յունիսին միջազգային փառատօն մուտք գործելէն ի վեր՝ «Արշալոյսի լուսաբացը» ֆիլմը Հայաստանի կողմէ յառաջադրուած է 2023թ. «Օսգար»-ի մրցանակաբաշխութեան, ունեցած է աւելի քան 20 անդրանիկ ներկայացում միջազգային ճանաչում ունեցող փառատօներու ընթացքին։ Վերջին մրցանակը մինչ օրս եղած է ամենանշանակալիցը․ 10 օր տեւած վաւերագրական եւ գեղարուեստական ֆիլմերու ցուցադրութենէն ետք՝ ֆիլմը արժանացաւ Զուիցերիոյ Միջազգային փառատօնի եւ Մարդու իրաւունքներու համագումարի (FIFDH) գլխաւոր մրցանակին։ Նշանաւոր այլ մրցանակներ, որոնք մինչ օրս ստացած է ֆիլմը, կը ներառեն՝

– Հանդիսատեսի մրցանակ՝ Եւրոպա, Եւրոպա փառատօն (Աւստրալիա)

– Գլխաւոր մրցանակ՝ Միջազգային փառատօն եւ Մարդու իրաւունքներու ֆորում (FIFDH) (Զուիցերիա)

– Լաւագոյն երկարաժամ վաւերագրական մրցանակ՝ MiradasDoc 2023 (Սպանիա)

– «Արծաթէ ծիրան» Ոսկէ ծիրան միջազգային փառատօն 2022 (Հայաստան)- Լաւագոյն animation ֆիլմ՝ The Asia Pacific Screen Awards 2022 (Աւստրալիա)

– Լաւագոյն պալթեան արտադրող համատեղ արտադրութեան համար. «Թալլինի սեւ գիշերներ» փառատօն 2022 (Էսթոնիա)

– Հանդիսատեսի մրցանակ. animation փառատօն է 2022 (ԱՄՆ)

– Հանդիսատեսի մրցանակ. Ասիական համաշխարհային փառատօն 2022 (ԱՄՆ)

– Երկրորդ տեղը հանդիսատեսի սիրելի ֆիլմի համար՝ IDFA 2022 (Նիտըռլանտներ)։

Ֆիլմը նաեւ բարձր գնահատանքի արժանացած է շարժանկարի աշխարհի ամենաազդեցիկ քննադատներուն կողմէ։

«Զօրեան» ուսումնարանը ոչ միայն կը հպարտանայ ֆիլմին միջազգային նուաճումներով, այլեւ ուսումնարանին մեծ ուրախութիւն կը պարգեւէ այն հանգամանքը, որ այս animation ֆիլմը կրնանք օգտագործել իբրեւ արդիւնաւէտ միջոց՝ յաջորդ սերունդին Ցեղասպանութեան երեւոյթը դասաւանդելու համար:

«Արշալոյսի լուսաբացը» հնարաւոր դարձած է «Զօրեան» ուսումնարանի ակադեմիական ներդրման շնորհիւ եւ հիմնուած է անոր բանաւոր պատմութեան արխիւներուն վրայ: Բեմադրիչը Իննա Սահակեանն է, փրոտիւսըրը՝ Bars Media, Gebrueder Beetz Filmproduktion & Artbox Laisvalaikio Klubas, Eurimages-ի, «Զօրեան» ուսումնարանի եւ Հայաստանի շարժանկարի ազգային կեդրոնի ֆինանսական համագործակցութեամբ եւ Լիթվիայի շարժանկարի կեդրոնի, ZDF/ARTE, Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւն եւ LRT ներդրումով։

Ֆիլմին մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել https://zoryaninstitute.org/auroras-sunrise/ կամ կապուիք Մեկան Ռիտի հետ mreid@zoryaninstitute.org հասցէով:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2023, 08:40