Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի 

Միջազգային քրէական դատարանը Փութինը ձերբակալելու հրամանագիր հրապարակեց

Դատարանէն դատաւոր մը նշեց. «Բաւարար ապացոյցներ կան դատելու Փութինը` ուքրանացի երեխաներ ապօրինաբար Ռուսիա տեղափոխելուն համար»:

Միջազգային քրէական դատարանը հրապարակեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու հրամանագիր մը` Ուքրանիոյ մէջ «պատերազմական ոճիրներու գործադրութեան» ամբաստանութեամբ:

Դատարանէն դատաւոր մը նշեց. «Բաւարար ապացոյցներ կան դատելու Փութինը` ուքրանացի երեխաներ ապօրինաբար Ռուսիա տեղափոխելուն համար»:

Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահութեան բանբեր Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով ռուսերու ձերբակալման հրամանագիրներու մօտալուտ հրապարակման մասին նախատեսութիւնները, նախապէս յայտարարած էր, որ Ռուսիան Միջազգային քրէական դատարանի լիազօրութիւնը չի ճանչնար:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2023, 08:57