Որոնել

Արցախի եւ Ատրպէճանի միջեւ ռմբակոծում Արցախի եւ Ատրպէճանի միջեւ ռմբակոծում  (AFP or licensors)

Ատրպէյճանական մարտական դիրքերէ կրակած են Հերհեր գիւղի բնակչի ուղղութեամբ. ԱՀ ՆՔՆ

Դէպքի մասին հաղորդագրութիւնը փոխանցուած է ռուս խաղաղապահներուն:

Ատրպէյճանական մարտական դիրքերէ կրակած են Հերհեր գիւղի բնակչի ուղղութեամբ: Այս մասին յայտնած է Արցախի հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութիւնը:

«Մարտ 19-ին ժամը 14:15-ին ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժնի Կարմիր Շուկայի բաժանմունքից յայտնած են, որ ժամը 13:50-ի սահմաններուն, Հերհեր գիւղի 34-ամեայ բնակիչ Ս. Համբարձումեանը Թաղավարդ գիւղի վարչական տարածքում գտնուող «Կնյողանց կալ» կոչուող տեղամասում «Բելառուս» մակնիշի տրակտորով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելիս, մօտակայ ադրբեջանական մարտական դիրքերից հրաձգային զէնքերով անկանոն կրակոցներ են արձակուել տրակտորի ուղութեամբ։

Գիւղատնտեսական աշխատանքը դադադարեցուել է։ Տուժածներ չկան»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Դէպքի մասին հաղորդագրութիւնը փոխանցուած է ռուս խաղաղապահներուն:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2023, 08:29