Հայաստանի մէջ ծնունդներու թիւն աւելցած է
Մարդոց բնական յաւելաճը Հայաստանի մէջ 2023 թուականի առաջին ամսուն կազմած է 742: Աս մասին յայտնած է ՀՀ վիճակագրական կոմիտէն:
Հայաստանի մէջ յունուար ամսուն ծնած է 3 229 երեխայ, որ 12,6 տոկոսով աւել է նախորդ տարուան յունուարին ծնածներու թիւէն, 13,2 տոկոսով՝ 2021-ի յունուարի ցուցանիշէն:
Այս տարուան յունուարին նուազած է մահերու թիւը: 2023-ի յունուարին մահացած է 2 487 մարդ՝ նախորդ տարուան յունուարի համեմատ 10,8 տոկոսով աւելի քիչ, իսկ 2021-ի յունուարի նկատմամբ՝ 17,5 տոկոսով աւելի քիչ:
Մեռելածիններու թիւը յունուարին եղած է 29: Համեմատութեան համար 2022 թուականի յունուարին այդ թիւը եղած էր 30, իսկ 2021 թուականի յունուարին՝ 39-ը:
Բնական յաւելաճը 2023-ի յունուարին եղած է 742՝ 2022-ի յունուարի նկատմամբ աճելով 9,4 անգամ:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ