Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետին հետ
Հինգշաբթի, 16 մարտ 2023-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ: Հինէն ծանօթ ըլլալով վարչապետին, հանդիպումը տեղի ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Հանդիպման սկիզբը ներկայ էր Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ապա զրոյցը շարունակուեցաւ առանձին` վեհափառ հայրապետին եւ վարչապետին միջեւ:
Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ չորս մարզերու.- ա) Յունաստանի հայ գաղութ, բ) Լիբանանի այժմու կացութիւն` յատկապէս նախագահական ընտրութիւն, գ) Յունաստանի դերը արաբական-իսլամական աշխարհին մէջ` յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ եւ դ) Արցախի շրջափակում ու Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներ: Իւրաքանչիւր մարզի շուրջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Միցոթաքիսի միջեւ եղաւ տեղեկութիւններու, տեսակէտներու եւ մտահոգութիւններու փոխանակում:
Հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը Յունաստանի վարչապետին յանձնեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանի բնագիրին բազմապատկուած մէկ օրինակը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական քաթալոկը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ