Որոնել

Senza-titolo-13.jpg

Արցախի մէջ, ռազմական դրութեան պարագային, Ազգային Ժողովը նախագահ պիտի ընտրէ. Որոշումը ընդունուեցաւ առաջին ընթերցումով

Նախագիծին վերաբերեալ գրաւոր առաջարկներու ներկայացման ժամկէտ սահմանուած է մինչեւ 21 մարտ:

Արցախի մէջ ռազմական դրութեան պարագային նախագահ ընտրելու իրաւունքը պիտի վերապահուի Ազգային ժողովին. Արցախի խորհրդարանը երէկ առաջին ընթերցումով, միաձայն ընդունեց Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին նախագիծը:

Նախագիծին վերաբերեալ գրաւոր առաջարկներու ներկայացման ժամկէտ սահմանուած է մինչեւ 21 մարտ:

Փոփոխութիւններու նախաձեռնութիւնը նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանինն է:

Գործող Սահմանադրութեամբ, նախագահի հրաժարականի, մահուան, լիազօրութիւններու դադրեցման կամ անոր անվստահութիւն յայտնելու, պաշտօնանկ ընելու պարագային խորհրդարանը կը լուծարուի, նախագահի եւ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ կը կատարուին:

Առաջարկուող փոփոխութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ խուսափիլ Ազգային ժողովի լուծարումէն, վերջինս պիտի շարունակէ գործել եւ պիտի կարենայ նախագահ ընտրել:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2023, 07:45