Ուաշինկթըն մարդասիրական օժանդակութիւնները 6 ամիսով զանց կացուցեց Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներէն
Սուրիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները 6 ամսուան համար պիտի չկիրարկուին այն գործարքներուն վրայ, որոնք կը վերաբերին երկրաշարժին առնչուած օգնութեան տրամադրման: Այս մասին երէկ հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը:
«Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի նախարարութեան Արտաքին հաշիւներու վերահսկման գրասենեակը հրապարակած է Սուրիոյ թիւ 23 ընդհանուր արտօնագիրը, որ 180 օրով արտօնութիւն կու տայ կատարել երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման ուղղուած բոլոր գործարքները, որոնք հակառակ պարագային պիտի արգիլուէին` Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու կանոնակարգին համաձայն», նշուած է փաստաթուղթին մէջ: Ելեւմտական գերատեսչութիւնը բացատրած է, որ այս դրութիւնը պիտի գործէ մինչեւ 8 օգոստոս 2023` Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի ժամանակացոյցով ժամը 12:01: Խօսքը մասնաւորաբար կը վերաբերի դէպի Սուրիա եւ Սուրիայէն գումարներու փոխանցման:
«Մինչ օտարերկրեայ դաշնակիցները եւ մարդասիրական ոլորտի գործընկերները ուժերը կը համախմբեն վնասուածներուն օգնելու համար, ես կ՛ուզեմ յստակացնել, որ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները Սուրիոյ մէջ պիտի չխոչընդոտեն սուրիացիներու կեանքերը փրկելու ջանքերուն», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի տեղակալ Ուոլի Ատէյեմոն:
Անոր համաձայն, Սուրիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու դրութիւնը նախապէս նոյնպէս կ՛ենթադրէր որոշ բացառութիւններ, որոնք կը վերաբերին Միացեալ Նահանգներու, ՄԱԿ-ի եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ մարդասիրական օգնութեան տրամադրման:
Արտօնագիրը չի տարածուիր այն գործողութիւններուն վրայ, որոնք կ՛առնչուին Միացեալ Նահանգներու մէջ սուրիական քարիւղի եւ նաւթամթերքի վաճառքին: Բացի ատկէ, անիկա չի վերաբերիր այն անձերուն, որոնց ունեցուածքները Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները նախապէս դասած են «արգելափակուած սեփականութեան» շարքին:
Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասաւ 4037-ի, մինչ վիրաւորներունը` 5922-ի, իսկ Թուրքիոյ մէջ զոհերուն թիւը` 18.991-ի, մինչ վիրաւորներունը 74242-ի:
Թուրքիոյ մէջ 6444 շէնք քանդուած է եւ երկուշաբթի օրէն ի վեր 1509 յետցնցում արձանագրուած:
Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ այցելեց Հալէպ` մօտէն ծանօթանալու համար երկրաշարժին պատճառած վնասներուն:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ