Որոնել

ՀՀ փրկարարական ազգ․ կեդրոնի խումբը ՀՀ փրկարարական ազգ․ կեդրոնի խումբը  

ՀՀ փրկարարական ազգ․ կեդրոնի խումբը Հալէպի միջազգային օդակայան ժամանեց

Խումբը պիտի օժանդակէ Սուրիան հարուածած երկրաշարժին հետեւանքով Հալէպի անհրաժեշտ փրկարարական աշխատանքներուն, փլատակներու տակէ զոհերու դուրսբերման եւ որոնողական աշխատանքներուն։

Չորեքշաբթի, 8 Փետրուարի միջօրէին Հալէպի միջազգային օդակայան հասաւ Հայաստանի Հանրապետութեան փրկարարական ազգ. կեդրոնի փրկարար խումբը։ Խումբին մաս կը կազմէին 29 մասնագէտներ եւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցիչը։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-ը։

Խումբը պիտի օժանդակէ Սուրիան հարուածած երկրաշարժին հետեւանքով Հալէպի անհրաժեշտ փրկարարական աշխատանքներուն, փլատակներու տակէ զոհերու դուրսբերման եւ որոնողական աշխատանքներուն։

Խումբը դիմաւորեցին ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեանը, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական, հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանը, ՀՀ Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութեան պատասխանատուն, Հալէպի միջազգային օդակայանի տնօրէնն ու քաղաքացիական պաշտպանութեան պատասխանատուն, նահանգապետարանի պատուիրակութիւնը եւ Կարմիր Մահիկ սուրիական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեան յայտնեց. «Հայաստան իր պատրաստակամութիւնը յայտնած էր Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդին օգնութեան ձեռք երկարելու, վարչապետը հեռաձայնային զրոյց ունեցած ու ցաւակցութիւն յայտնած էր Սուրիոյ նախագահին։ Սա Հայաստանի օժանդակութեան առաջին գործնական արտայայտութիւնն է, այսօր գիշեր պիտի ժամանէ նաեւ ՀՀ մարդասիրական օժանդակութեան օդանաւը»։

Հալէպի միջազգային օդակայանի տնօրէնն ու նահանգապետարանի գործադիր գրասենեակի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայաստանի պետութեան ու կառավարութեան, դիտել տալով որ այս օգնութիւնը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին համար եւ կ՚արտայայտէ Հայաստան-Սուրիա պատմական յարաբերութիւններու կայուն ընթացքն ու երկու երկիրներու ժողովուրդներուն երկար տարիներու բարեկամութիւնը։

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2023, 08:30