Որոնել

Հալէպի մէջ երկրաշարժէն քանդուած շէնքեր Հալէպի մէջ երկրաշարժէն քանդուած շէնքեր 

Սուրիական կարմիր մահիկը արեւմուտքին կոչ կ՛ուղղէ` ջնջելու Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները

Միջազգային Կարմիր խաչի յանձնախումբը նշեց. «Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութիւնը ահաւոր է, եւ ասիկա իրողութիւն մըն է, զոր կարելի չէ անտեսել»:

Սուրիական կարմիր մահիկը կոչ կ՛ուղղէ` վերցնելու Սուրիոյ դէմ հաստատուած միակողմանի պատժամիջոցները` երկրաշարժի հետեւանքները վերացնելու համար:

Կազմակերպութեան ղեկավար Խալետ Հպուպաթի Դամասկոսի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ յատուկ մեքենաներու եւ սարքաւորումներու մատակարարում անհրաժեշտ է:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք ջնջելու Սուրիոյ նկատմամբ հաստատուած շրջափակումը եւ տնտեսական պատժամիջոցները` աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքները վերացնելու համար… Մեզի անհրաժեշտ են ծանր սարքաւորումներ, շտապօգնութեան մեքենաներ եւ հրշէջ մեքենաներ` որոնողափրկարարական աշխատանքները արագացնելու նպատակով:

«Ատոր համար անհրաժեշտ է, որ որքան կարելի է շուտ, վերցուին Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները», ըսաւ Հպուպաթի:

Միջազգային Կարմիր խաչի յանձնախումբը երէկ իր կարգին նշեց. «Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութիւնը ահաւոր է, եւ ասիկա իրողութիւն մըն է, զոր կարելի չէ անտեսել»:

Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 2150-ի, իսկ վիրաւորներունը` 3649-ի:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, ինչպէս նաեւ ցուցմունք տուած է Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն տուժածներու փրկութեան ջանքերուն ամբողջական աջակցութիւն տրամադրելու:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2023, 08:42