Որոնել

2023.02.06 terremoto ad Aleppo

Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժները կը շարունակուին

Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն տուժածներուն թիւը կրնայ 23 միլիոնի հասնիլ:

Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու եւ աղէտներու վարչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ երէկ արշալոյսին 5,3 ռիխթըր ուժգնութեամբ նոր երկրաշարժ մը հարուածած է Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Ատիաման նահանգի Կիւլպաշը գաւառը` աւելցնելով, որ երկրաշարժի օճախի խորութիւնը 8,13 քիլոմեթր էր:

Վարչութիւնը նախքան այդ հաղորդեց, որ Ալեքսանտրէթի ափերուն մօտ` Միջերկրական ծովուն մէջ, 4,4 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը տեղի ունեցած է:

Երկրաշարժը տեղի ունեցած է առաւօտեան ժամը 2:29-ին, Եայլատաղա շրջանէն 50,7 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, որ կը գտնուի Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ` Միջերկրական ծովու ափերուն մօտ:

Երկրաշարժի օճախը գտնուած է 44,17 քիլոմեթր խորութեան վրայ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած էր աւելի քան 7 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկու երկրաշարժներ, առաջինը 3:20-ին` 7,8 ռիխթըր ուժգնութեամբ, իսկ երկրորդը` կէսօրուան 12:24-ին` 7,5 աստիճան ուժգնութեամբ: Կէսօրէ ետք ալ 5,5 աստիճան ուժգնութեամբ երրորդ երկրաշարժ մը հարուածած էր թրքական սեւծովեան Սաքարիա շրջանը:

Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Աքթայ երէկ կէսօրուան մօտ յայտարարեց, որ զոհերուն թիւը բարձրացած է 3419-ի, իսկ վիրաւորներունը` 20.534-ի, եւ փրկարար խումբերը յաջողած են փլատակներու տակէն 8000 անձեր դուրս բերել: «Երէկուընէ ի վեր յետցնցումներու թիւը հասաւ 312-ի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ատանայի օդակայանը վերածուած է աղէտեալ գօտիներ գումակային օժանդակութեան փոխադրման օդակայանի: 14 պետութիւններէ փրկարար խմբակներ հասած են ու սկսած աշխատանքի, եւ «յառաջիկայ ժամերուն կը սպասուի 70 պետութիւններէ խումբերու ժամանումը, եւ 3294 օտարերկրացի կամաւորներ գետնի վրայ կ՛աշխատին փրկարար խումբերու մէջ»:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ աւերիչ երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացաւ 5434-ի, իսկ վիրաւորներունը` 31771-ի:

Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն տուժածներուն թիւը կրնայ 23 միլիոնի հասնիլ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկրաշարժէն վնասուած շրջաններուն մէջ երեք ամիս տեւողութեամբ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց: «Մենք դէմ յանդիման կը գտնուինք աղէտի մը, որ (Թուրքիոյ) հանրապետութեան ու շրջանի պատմութեան մէջ մեծագոյնն է, եւ աւերը արգելք կը հանդիսանայ փրկարարական ջանքերուն ու կարիքաւորներուն հասնելուն», ըսաւ Էրտողան:

Միւս կողմէ, Մարաշի Փազարճըք շրջանին մէջ տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժէն ետք Ալեքսանտրէթ նահանգի բնակիչները անօգնական մնացած են:

Թրքական «Թէ.24» կայքին համաձայն, Ալեքսանտրէթի Անտիոք քաղաքին մէջ փլած շէնքերուն մէջ որոնողական աշխատանքները կ՛ընեն հիմնականին մէջ տեղւոյն իշխանութիւններու ջանքերով, որ բաւարար չէ:

Բնակիչները կը նշեն, որ պետութիւնը որեւէ օգնութիւն չէ ուղարկած Անտիոք, եւ փողոցներուն մէջ դիակները թափուած են առանց ծածկուելու, իսկ փլատակներուն տակ ողջ մնացածներու ձայները կը լսուին:

Նշենք, որ Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ ազգութեամբ թուրքեր գրեթէ չեն բնակիր, հիմնական բնակչութիւնը` ալեւիներ, քիւրտեր, արաբներ, հայեր, ասորիներ են:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2023, 08:36