Որոնել

AZERBAIJAN-ARMENIA-KARABAKH-CONFLICT

Ուաշինկթըն եւ Փարիզ շեշտեցին Լաչինի միջանցքը անյապաղ բանալու անհրաժեշտութիւնը

«Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ շրջափակման լուրջ մարդասիրական հետեւանքները անընդունելի են. Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները կը համատեղեն իրենց ջանքերը՝ վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի հետ հաղորդակցութիւններու միջոցով, այս կացութեան վերջ տալու համար», կ՛ըսուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քեթրին Քոլոնա հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այլ հարցերու կողքին քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստեղծուած կացութիւնը, գնահատեցին հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ շարունակուող ջանքերը եւ ընդգծեցին Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի անյապաղ վերականգնման անհրաժեշտութիւնը։

«Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ շրջափակման լուրջ մարդասիրական հետեւանքները անընդունելի են. Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները կը համատեղեն իրենց ջանքերը՝ վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի հետ հաղորդակցութիւններու միջոցով, այս կացութեան վերջ տալու համար», կ՛ըսուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ասոր զուգահեռ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւ Եւրասիոյ հարցերու տեղակալ Քերըն Տանֆրիտ նոյնպէս Լաչինի միջանցքի հարցը քննարկելու համար հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն պայամրովի հետ։

«Ազատութիւն»ը կը հաղորդէ, որ, ըստ ատրպէյճանական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան, Պայրամով «կարեւոր նկատեց Լաչինի ճամբուն վրայ բողոքի ցոյց կատարողներու օրինական պահանջներու կատարումը եւ յիշեցուց Ատրպէյճանի նուիրուածութիւնը խաղաղ հոլոյովթին»։

Նշենք, որ այս մէկը վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Տանֆրիտի եւ Պայրամովի երկրորդ հեռաձայնային զրոյցն է։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2023, 08:00