Որոնել

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահման Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահման 

«Որոշում կայ արագացնել Թուրքիայի հետ սահմանների բացման գործընթացը». Միրզոյեան

Թէ՛ Փաշինեանը, թէ՛ Միրզոյեան շեշտեցին, որ 16 Փետրուարին, Թուրքիայէն Հայաստան վերադարձող հայ փրկարարները հայ-թրքական սահմանը հատեցին ցամաքային ճամբով, այսինքն՝ Մարգարայի կամուրջով, որմով ալ Թուրքիա մարդասիրական բեռները ուղարկուած էին:

16 Փետրուարի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ օր մը առաջ ունեցած հանդիպումին մասին՝ յայտնելով, որ որոշում կայ արագացնել Թուրքիոյ հետ սահմաններու բացման գործընթացը:

«Ձեռք են բերուել կոնկրետ (յստակ) նաեւ պայմանաւորուածութիւններ. կարող եմ փաստել, որ որոշում կայ արագացնել երկխօսութեան գործընթացը եւ վերջնական սահմանների բացման նպատակով տեղի ունեցող գործընթացը: Յայտարարուեց, որ համատեղ աշխատանքներ կ՛իրականացնենք Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման ուղղութեամբ», յայտնեց Միրզոյեան:

Փաշինեան իր կարգին աւելցուց, որ Անիի կամուրջի վերականգնման ուրուագծային նախագիծը երկար ժամանակ առաջ պատրաստած են: «Դա, իսկապէս, կարող է շատ սիմվոլիկ (խորհրդանշական) քայլ դառնալ», յայտնեց ան:

Թէ՛ Փաշինեանը, թէ՛ Միրզոյեան շեշտեցին, որ 16 Փետրուարին, Թուրքիայէն Հայաստան վերադարձող հայ փրկարարները հայ-թրքական սահմանը հատեցին ցամաքային ճամբով, այսինքն՝ Մարգարայի կամուրջով, որմով ալ Թուրքիա մարդասիրական բեռները ուղարկուած էին:

Հայ փրկարարները Թուրքիա գացին օդանաւով եւ, փաստօրէն, Մարգարայի կամուրջը, առայժմ խորհրդանշական կերպով, անգամ մը եւս կը բացուի՝ այս անգամ հայ փրկարարներուն վերադարձին համար:

 «Ազատութիւն»ը կը հարցնէ, թէ արդեօք 30 տարուան դադարէն ետք, վերջին օրերուն քանի մը անգամ գործարկուած Մարգարայի կամուրջը, դարցեալ պիտի բացուի՞։ «Ըստ էութեան, մինչեւ զբօսաշրջային սեզոնի (եղանակի) մեկնարկը, նաեւ կ՛աշխատենք աւարտին հասցնել 3րդ երկրների քաղաքարիների համար եւ մեր 2 երկրների դիւանագիտական անձնագրեր ունեցող քաղաքացիների համար ցամաքային սահմանի հատումը», պատասխանեց Միրզոյեան:

Անդրադառնալով հայ փրկարարներուն աշխատանքին՝ Միրզոյեան նշեց, որ թրքական կողմը, իշխանութիւններու մակարդակով, նաեւ աղէտէն տուժած բնակիչները, շնորհակալութիւն յայտնեցին անոնց ծառայութեան, նաեւ Հայաստանէն ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան համար:

Փաշինեան իր կարգին ըսաւ, որ Հայաստանի քայլերը նախ եւ առաջ մարդասիրական շարժառիթ ունեցած են:

«Բացարձակապես անընդունելի եմ համարում այն քննադատութիւնները, որոնք մեր հասցէին հնչում են, որովհետեւ ես չեմ կարող պատկերացնել որեւէ իրավիճակ, որ ընդամէնը դռնից այն կողմ միլիոնաւոր մարդիկ աջակցութեան կարիք ունեն էդ բնական աղէտի պարագայում եւ որեւէ մէկը կարող է դրան անտարբեր մնալ, դա բացարձակապէս անընդունելի է՝ որեւէ հիմնաւորմամբ եւ որեւէ պատճառաբանութեամբ», յայտնեց Փաշինեան՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ ասիկա կրնայ նոր մեկնակէտ դառնալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման համար:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2023, 08:00