Որոնել

Ad Assisi la marcia della pace 'contro tutte le guerre'

Փերուճա Ասսիզի քայլարշաւը` նուիրուած պատերազմի զոհերու յիշատակին

Քայլարշաւը համադրող Տիար Ֆլավիօ Լոթթի բացատրեց, թէ արշաւը եղաւ յոգնեցուցիչ, տրուած ըլլալով, որ կատարուեցաւ ձմռան մէջ եւ ցուրտ գիշերուայ մը ընթացքին, բայց «այս կատարեցինք այն համոզումով, թէ պէտք է անպատճառ կասեցնել պատերազմը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուքրանիոյ պատերազմի սկիզբի ողբերգական տարեդարձին առիթով` Ուրբաթ 24 Փետրուարի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Փերուճա - Ասսիզի քայլարշաւային ձեռնարկի արտակարգ մէկ հանգրուանը, որ սկիզբ առաւ Փերուճա քաղաքէն եւ ուղղուեցաւ Ասսիզի, ի յիշատակ պատերազմներու զոհերուն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարէ աւելի անձինք։

Քայլարշաւը համադրող Տիար Ֆլավիօ Լոթթի բացատրեց, թէ արշաւը եղաւ յոգնեցուցիչ, տրուած ըլլալով, որ կատարուեցաւ ձմռան մէջ եւ ցուրտ գիշերուայ մը ընթացքին, բայց «այս կատարեցինք այն համոզումով, թէ պէտք է անպատճառ կասեցնել պատերազմը»։

Քայլարշաւը սկիզբ առաւ կէս գիշերին Փերուճա քաղաքի Ֆրոնթոնէ պարտէզներէն ու Սուրբ Ֆրանչիսկոս պազիլիքա հասաւ առաւօտեան ժամը վեցին, ուր տեղի ունեցաւ եզրափակիչ աղօթքի պահ մը։

«Սուրբ Ֆրանչիսկոսի քաղաք ժամանումը եղաւ քայլարշաւի ամէնէ յուզիչ պահը` Սուրբին նուիրուած պազիլիքային առջեւ կանգ առնելը ու խաղաղութիւնը հայցելը երկար ճանապարհորդութեան աւարտին։ Մենք համոզուած ենք, որ այս է ուղիղ ճամբան եւ կանգ պիտի չ՛առնենք այստեղ» յայտնեց Տիար Լոթթի։

«Այսօր դիւրին չէ խաղաղութեան մասին խօսիլը եւ այս մէկը աւելիով կը բացայայտէ պատերազմին ողբերգութիւնը» հաստատեց Ան ու դարձեալ շեշտեց, որ պէտք է շատ աւելին ընել կանգնեցնելու համար այս խելագարութիւնը, եւ այդ ընել երկխօսութեան ու խաղաղութեան ի սպաս բանակցութիւններու միջոցաւ, այնպէս ինչպէս մշտապէս կը խնդրէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2023, 10:03