Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, Լոնտոն։ Հարիւր ամեակի տօնակատարութիւններ եւ միջոցառումներ
2023 տարին կը յիշատակուի հարիւր ամեակը Սուրբ Սարգիս եկղեցիի հիմնադրութեանը, Անգլիոյ Լոնտոն մայրաքաղաքին մէջ։ Այս իմաստով եկեղեցիի ժողովը յարմար նշումներով սկսաւ կազմակերպել այս աննախնդաց յիշատակումը։
Առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Փետրուար 4, 2023, գեղեցիկ համերգով մը կատարողութեամբ մեծ համբաւ վաստկած, «Ջիլինկիրեան Քառեակը»։ Քառեակը գեղեցիկ յայտագիրով մը հանդէս եկաւ եւ ներկայացուց հայ եւ օտար երաժիշտներու նշանաւոր գործերէն։
Համերգին բացումը կատարեց Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ժողովի ատենապետ՝Պրն Գրիսթոֆըր Քիւրքճեանը ուր ան ըսաւ,« Հարիւր տարիներ առաջ, մեծ հայասէր եւ մարդասէր բարերար Պրն Գալուստ Կիւլպէնկեան տեսիլքը ունեցաւ հիմը դնել այս եկեղեցիին եւ որ մինչեւ այսօր կը կենայ իր առաքելութեան բարձր պատուանդանին վրայ»։
Միացեալ Թագաւորութիւններու եւ Իրանտայի հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան, իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ երեկոն կը պատուեն Անգլիոյ Պալատի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէն՝Լորտ Գենեթը եւ Տիկ Օլիսան, նաեւ Գրիսթոֆըր Սրբազանը՝ Սաութուորք եկեղեցիէն եւ տակաւին շատ մը քոյր եկեղեցիներէ եւ յարանուանութենէ ներկայացուցիչներ։ Յովակիմ Սրբազան նաեւ անդրադարձաւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցի ընծայած առաքելութիւնը՝մէկ կողմէ պահպանելու համար հայկական ինքնութիւնը եւ նաեւ Քրիստոնէական հաւատք եւ արժէքներ։ Ան նաեւ երախտագիտական զգացումներով խօսեցաւ հիմնադիր անդամներուն տեսիլքին վրայով՝ ուր եկեղեցին այսօր տակաւին կը շարուակէ իր առաքելութիւնը։« Սուրբ Սարգիս եկեղեցին եղաւ մեր հաւաքականութիւնը ի մի բերող հարթակ մը Լոնտոնի մէջ։ Այս եկեղեցիին մէջ է որ ձեզմէ շատեր մկրտուեցաք։ Եթէ մեր նախորդ սերունդը հիմնեց այս եկեղեցին, մեզի կը մնայ շարունակելու եւ ալ աւելիով զօրացնելու այս հաւատքի ամրոցը» ըսաւ Յովակիմ Սրբազան։
Համերգի վերջաւորութեան իրենց խօսքերը նաեւ ներկայացուցին Լորտ Գենեթը եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան , Ն.Վ. Պրն. Վարուժան Ներսէսեանը։ Անոնք շեշտը դրին Հայ-Բրիտանական փոխ յարաբերութեան անհրաժեշտութեանը՝ յիշելով տարիներու վրայ երկարած դրուագներ։ Համերգը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցիի Կիւլպէնկեան սրահին մէջ։
Երկրորդ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Փետրուար 5ին՝ եկեղեցական պատարագով եւ արարողութեամբ։ Եկեղեցական պատարագը հովուապետեց եւ արարողութիւնը կատարեց Յովակիմ Սրբազանը։ Եկեղեցական արարողութեան ներկայ էին նաեւ Անկլիքան եւ քոյր համայնքներէ ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ, ինչպէս Գենզինքթոն նահանգի կառավարիչ Չելսիէ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ այլ բարերաներու ընտանեկան հարազատներ եւ անդամներ։ Արարողութեան աւարտին, Սաութուորք նահանգի Սրբազանը ըսաւ,« Մեզմէ անոնք որ երէկ ներայ կրցան ըլլալ Չիլինկիրեան քառեակի գեղեցիկ համերգին՝երբ յայտագիրը սկսաւ Մոցարթի յօրինումէն ներկայացնելով երաժշտական կտորներ եւ շարունակուեցաւ հայկական երգահաներու ստեղծագործութիւններով, պիտի կարենան կամրջել իրենց ապրած զգացումները այսօրուայ եկեղեցական պատարագի հետ ուր մենք բոլորս Աստուածոյ տարինք մեր մտորումները, երախտագիտութիւնը, ցաւերը եւ աղօթքերը այս հոգեպարար արարողութեան մէջէն»։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք-հոգեհանգիստ ննջեցեալ բոլոր հիմնադիր անդամներուն եւ նուիրատուներուն համար։ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ հաղորդակցական պահ եւ սիրոյ սեղան։
Այս երկու հարիւր ամեակի հանդիսութիւնները մեծ խնադավառութիւն ստեղծեցին գաղութի անդամներուն եւ բոլոր հրաւիրեալներու մօտ։ Հարիւր ամեակի յանձնախումը կը ծրագրէ կազմակերպել այլ հանդիսութիւններ այս տարուայ ընթացքին։
Յիշենք որ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին հիմնուած է 1922-1923 տարիներուն՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ եւ իր ծնողացը յիշատակին։ Եկեղեցիի ճարտարապետն է Արթիւր Տէյվիսը։ Ան միակ եկեղեցին է Անգլիոյ մէջ որ շինուած է հայկական եկեղեցական ճարտարապետական հիմքով՝ներշնչուած 13րդ դարու Հաղբատ վանքէն։
100 Ամեակի Յանձնախումբ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ