Լիբանան քաղաքական, տնտեսական, արդարադատութեան եւ կլիմայական փոթորիկներու դիմաց
Մինչ «Ֆարահ» ցուրտի ալիքը կը շարունակէ սաստիկ կերպով հարուածել Լիբանանը, կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան վարչապետարանին մէջ կը գումարէ իր նիստը` քննարկելու համար կրթական մարզը յուզող հարցերը եւ փորձելու համար գոհացում տալ պետական դպրոցներու ուսուցիչներու պահանջներուն, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուի, որ Փարիզի մէջ կայանայ Լիբանանի բարեկամ երկիրներու խորհրդաժողովը` հաստատելու համար, որ Լիբանան տակաւին կարեւոր է իր բարեկամներուն համար, որոնք կ՛ուզեն զինք իր դիմագրաւած տագնապներէն փրկել:
Փարիզի խորհրդաժողովին մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի հանրապետութեան յաջորդ նախագահին ինքնութիւնը քննարկումի առարկայ պիտի չդառնայ` աւելցնելով, որ նախատեսուած է, որ ներկայ պատուիրակները իրենց ունենալիք խորհրդաժողովէն ետք այցելեն Պէյրութ:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ ժամանակն է, որ լիբանանցի պատասխանատուները կատարեն իրենց պարտականութիւնը եւ ընտրեն հանրապետութեան նոր նախագահը:
Այս շրջագիծին մէջ Լիբանանի կատարուած միջազգային օժանդակութիւնը համադրող, դեսպան Փիեռ Տուիքան, որ կը գտնուէր Պէյրութ, ամբողջացուց իր առաքելութիւնը, որուն աւարտին ան հաստատեց, որ ինք սկսած է բարեկարգումներու նշոյլներ նշմարել` կացութիւնը բաղդատելով 2019-ի կացութեան հետ:Միւս կողմէ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները շաբաթ գիշեր Արտերկրի լիբանանցիի յուշարձանին դիմաց կատարեցին բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին հաստատեցին, որ կայ ճշմարտութիւն մը, որ դատական իշխանութեանց «միջանցքներուն» մէջ կորսուած է, «սակայն մենք կառչած կը մնանք այդ ճշմարտութիւնը իմանալու մեր իրաւունքին», շեշտեցին անոնք:
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին դատաւորներուն ինքնաքննարկումի ենթարկելու իրենք զիրենք եւ նշմարելու պարագային, թէ իրենք իբրեւ դատաւոր չեն վարուած` հրաժարելու եւ պատրաստուելու հաշուետուութեան:
Նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները հաստատեցին, որ իրենք կը պահանջեն դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութիւնը, այլ խօսքով` քաղաքական միջամտութիւններուն վերջ դնելու անհրաժեշտութիւնը:
Այս առումով, Պետական անվտանգութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի կողմէ
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի դէմ բերման գիրի մը հրապարակման պարագային, անոնք պիտի գործադրեն այդ հրահանգը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ