Որոնել

Քեսապի Ս․ Աստուածածին եկեղեցին Քեսապի Ս․ Աստուածածին եկեղեցին 

Եթէ կրկին ուժեղ ցնցում ըլլայ Քեսապի Ս․ Աստուածածին եկեղեցին կրնայ փլուզուիլ․ Հայր Անդրանիկ Քիւրիւմեան

Հայր Անդրանիկ Քիւրիւմեան յայտնեց, որ անօթեւան մնացած հայերուն չենք կրնար եկեղեցւոյ մէջ ապաստանիլ տալ, որովհետեւ փլուզման վտանգը մեծ է։

Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ աւանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ 6 Փետրուարին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժէն վնասուած էր, 20 Փետրուարի երկրաշարժային ուժեղ յետցնցումին հետեւանքով փլուզման վտանգի շեմին է։

«Մենք հազիւ սկսած էինք ուշքի գալ առաջին երկրաշարժէն եւ հետեւանքները դարմանել։ Վերջին երկրաշարժին կեդրոնը շատ մօտ էր Քեսապին, եւ այդ պատճառով շատ ուժեղ ցնցում էր։ Եթէ կրկին նման ուժեղ ցնցում ըլլայ, եկեղեցին կրնայ փլուզուիլ, արդէն իսկ փլուզման եզրին են փոքր գմբէթները»,- ըսաւ հայր Անդրանիկ Քիւրիւմեան։

Հայր սուրբը յայտնեց, որ անօթեւան մնացած հայերուն չենք կրնար եկեղեցւոյ մէջ ապաստանիլ տալ, որովհետեւ փլուզման վտանգը մեծ է։

Քեսապի Հայ աւետարանական Նահատակաց վարժարանի շրջափակին մէջ վրան լարած են տեղւոյն պատասխանատուները, ուր կ’ապաստանի բնակարաններէն դուրս եկած բնակչութիւնը։

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2023, 08:30