Որոնել

2023.02.06 Il dott Jebejian Incontra il nunzio apostolico in Kuwait

Հանդիպում՝ Քուէյթի մէջ Պապական Նուիրակ` գերապայծառ Էուճէն Մարթին Նուճենթի հետ

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու Ընդհանուր Քարտուղար՝Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Վ. Իւժէն Արք.Նիւճենթի հետ-Վատիկանի Դեսպան Քուէյթի եւ տարածաշրջանի երկիրներու, Քուէյթի իր նստավայրին մէջ։

Կիրակի 5 Փետրուարի, 2023 ին, Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու Ընդհանուր Քարտուղար՝Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Վ. Իւժէն Արք.Նիւճենթի հետ-Վատիկանի Դեսպան Քուէյթի եւ տարածաշրջանի երկիրներու, Քուէյթի իր նստավայրին մէջ։

Հանդիպումի ընթացքին Դոկտ. Ճէպէճեան ներկայացուց Աստուածաշունչի ընկերութեան լայնածաւալ առաքելութիւնը Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ, օտարազգի բանուորներու դժուար պայմանները եւ անհրաժեշտութիւնը Աստուածաշունչը հասանելի դարձնել բոլոր ազգութիւններուն, որոնք կ՛ապրին այս շրջանին մէջ։

Հանդիպումը պատեհ առիթ էր խօսելու Աստուածաշունչի ընկերութեան տարբեր ծրագիրներու մասին եւ թէ ինչ միջոցառումներու կը ձգտի ընկերութիւնը, որպէսզի տարբեր հաւաքականութիւններ կարդան եւ հասկնան Սուրբ Գիրքը։

Դոկտ. Ճէպէճեան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Վսեմութեանը այն յայտարարութիւններուն համար, որ Սրբազան Քահանայապետ՝ Ֆրանսիս Պապը, կատարեց Արցախի եւ անոր Լաչինի միջանցքի փակման համար, ուր աւելի քան 120,000 հայեր կ՛ապրին դժուար պայմաններ, եւ նաեւ Քահանայապետի կոչին` ուղղուած միջազգային ընտանիքին որ ջանք չի խնայէ վերաբանալու համար միջանցքը, մարդկային կեանքեր խնայելու համար։

Ն.Վ. Իւժէն Արք.Նիւճենթի, քաջատեղեակ է Արցախի մէջ պատահած մարդկային դժբախտութիւններու վրայով։ Դոկտ. Ճէպէճեան Նորին Վսեմութենէն խնդրեց, որ իր կարելին ընէ եւ իր ունեցած բոլոր միջոցները եւ միջազգային շրջանակներու մէջ ունեցած կապերը օգտագործէ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերաբանալ միջանցքը։

Այս հանդիպումի ընթացքին Դոկտ. Ճէպէճեան, Ն.Վ. Իւժէն Արք.Նիւճենթիին նուիրեց «Աստուածաշունչի Յանձնառութիւնը - Վերագտնել Հաւատք, Յոյս եւ Անձ»։ Անգլերէն Աստուածաբանական իր գիրքէն օրինակ մը։

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2023, 08:21