Կութիերեշ եւ Փաշինեան քննարկեցին Արցախ ու Լաչինի միջանցքը ՄԱԿի առաքելութիւն ուղարկելու հարցեր
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշի հետ: Անոնք անդրադարձան Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ անոր յաղթահարման վերաբերող նիւթերու:
Յատկապէս լուսարձակի տակ առնուեցան Արցախ եւ Լաչինի միջանցքը ՄԱԿի փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու վերաբերող հարցեր:
Երկուստեք ընդգծեցին Լաչինի միջանցքը Ատրպէյճանի կողմէ վերաբանալու անհրաժեշտութիւնը ու անոր անխափան գործունէութեան կարեւորութիւնը:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ՄԱԿի առաքելութիւն ուղարկելու հարցին շուրջ քննարկումները շարունակելու:
Կութիերեշ նշեց, որ հարցը իրենց ուշադրութեան կիզակէտը պիտի շարունակէ մնալ:
Փաշինեան կարեւոր նկատեց նաեւ ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ ժամանակաւոր միջոցներ կիրարկելու մասին Հայաստանի պահանջը բաւարարելու որոշումը:
Ըստ աղբիւրին՝ զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ապահովութեան վերաբերող հարցերու շուրջ:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ