«Լա Հէյի դատարանի որոշումները ենթակայ են պարտադիր կատարման» կ՛ըսէ Կութիերես
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես շեշտած է, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները ենթակայ են պարտադիր կատարման` յուսալով, որ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը ապահովելու համար պիտի ձեռնարկուին համապատասխան քայլեր:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութիւնը տարածած է անոր բանբեր Սթեֆան Տիւժարիքը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ի գիտութիւն կ՛ընդունի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները, որոնք որդեգրուած են 22 փետրուարին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վարոյթի ծիրին մէջ: Ընդհանուր քարտուղարը ողջունած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններու վստահութիւնը Արդարադատութեան միջազգային դատարանին:
Ընդհանուր քարտուղարը յիշեցուցած է, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները պարտադիր են կատարման համար: Ան կը հաւատայ, որ կողմերը պիտի կատարեն որոշումները, ներառեալ այն որոշումը, որ կը վերաբերի Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութեամբ` մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը ապահովելու համար քայլերու ձեռնարկելուն:
Ընդհանուր քարտուղարը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը պիտի շարունակեն աշխատիլ` բարելաւելու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ան շեշտած է, որ կը խրախուսէ կառուցողական երկխօսութիւնը:
Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 22 փետրուարին հրապարակեց Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ իր որոշումը: Դատարանը Ազրպէյճանը պարտաւորեցուց ձեռնարկելու իրմէ կախեալ բոլոր քայլերը, որպէսզի ապահովուի անձերու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անխափան տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութեամբ:
Դատարանը նոյն օրը հրապարակուած որոշումով մերժեց Ազրպէյճանի պահանջը ընդդէմ Հայաստանի:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ