Որոնել

Վագըֆի եկեղեցին Վագըֆի եկեղեցին 

Երկու Մուսալեռցի զոհ` երկրաշարժին

Վագըֆի բոլոր տուներն ու եկեղեցին վնասուած են երկրաշարժէն: Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը օգնութիւններ կ՛ուղարկէ Վագըֆ, եւ հաւանաբար գիւղի աշակերտները Պոլիս տեղափոխուին:

Երէկ Մուսա լերան Վագըֆ գիւղի գիւղապետ Պերճ Գարթուն 6 փետրուարի աւերիչ երկրաշարժին հաստատած է, որ երկու մուսալեռցիներ զոհ գացած են ոչ Մուսա լերան մէջ, այլ ուրիշ քաղաքներու մէջ: Գիւղապետը յայտնած է, որ ժողովուրդը կը գիշերէ գիւղին կեդրոնը, վրանի տակ, ճաշարանին կից: Երկրաշարժին յետցնցումները զօրաւոր են, եւ մարդիկ չեն ուզեր իրենց տուներուն մէջ մնալ:

Վագըֆի բոլոր տուներն ու եկեղեցին վնասուած են երկրաշարժէն: Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը օգնութիւններ կ՛ուղարկէ Վագըֆ, եւ հաւանաբար  գիւղի  աշակերտները Պոլիս տեղափոխուին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2023, 08:25