Որոնել

Կաթողիկէ եւ արեւելան ողղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներ Կաթողիկէ եւ արեւելան ողղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներ 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Կաթողիկէ եւ արեւելան ողղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան

Յանձնախումբին հիմնական քննարկումը կեդրոնացաւ մարեմաբանութեան վրայ՝ Ս. Կոյս Մարիամը եկեղեցւոյ դաստիարակութեան եւ կեանքին առաքելութեան ընդմէջէն։

Կաթողիկէ  եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան յանձնախումբը իր 19-րդ նիստը գումարեց 30 Յունուարէն 5 Փետրուար 2023-ին, Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ սոյն յանձնախումբին հայ եկեղեցւոյ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը։

Յանձնախումբին հիմնական քննարկումը կեդրոնացաւ մարեմաբանութեան վրայ՝ Ս. Կոյս Մարիամը եկեղեցւոյ դաստիարակութեան եւ կեանքին առաքելութեան ընդմէջէն։

Ժողովի վերջին նիստին որոշուեցաւ յառաջիկայ տարուան հանդիպման թուականը, ներկայացուելիք ուսումնասիրութիւններու նիւթերը, ինչպէս նաեւ ժողովի վայրը՝ Վատիկան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2023, 12:03