Որոնել

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում 

Պքերքէի մէջ. Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը

Նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում. անոնց շարքին էր նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Կը նախատեսուէր, որ այս հանդիպումէն ետք հրապարակուի հաղորդագրութիւն մը:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքին կողմէ Արամ Ա. վեհափառին այցելութեան ընթացքին քննարկումներուն ընդմէջէն ծնած էր քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին մասին առաջարկ մը, որմէ ետք պիտի հանդիպէին նաեւ քրիստոնեայ երեսփոխանները, որպէսզի կարելի ըլլար հաւաքական մօտեցումներ ճշդել եւ նախագահական ընտրութեան առաջնորդող գործընթացը դիւրացնել:

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը կոչը ընտրելու Հանրապետութեան նոր Նախագահը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը  եւ մարոնի եկեղեցին յուզող իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ խորհրդարանը գումարէ նախագահական ընտրութեան նիստը, որ երկրին սահմանադրութեամբ ճշդուած է:

«Կոչ կ՛ուղղենք ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահ մը, որովհետեւ երկրին կացութիւնը մօտեցած է փլուզումին: Մենք կը նշմարենք շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը բարձրացնելու խաղերը, որոնք իրենց կարգին ազդեցութիւն ունին ապրանքներու գիները բարձրացնելու եւ լիբանանցիներուն գնելու կարողութիւնը վերացնելու վրայ», կը նշէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շեշտեց նաեւ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին նկատմամբ պէտք է չէզոք կեցուածք ցուցաբերել եւ զայն հեռու պահել քաղաքական տարակարծութիւններէն:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը զգուշացուց նաեւ երկրին մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերէն եւ շեշտեց, որ պէտք է որդեգրել անհրաժեշտ կեցուածքներ` կասեցնելու համար այդ միջադէպերը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2023, 08:35