Հայաստանէն փրկարարական ջոկատներ ուղարկուեցան Սուրիա եւ Թուրքիա
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը 7 Փետրուարին փրկարարական ջոկատներ ուղարկեց Սուրիա եւ Թուրքիա` աջակցելու աւերիչ երկրաշարժին պատճառով տուժած շրջաններուն մէջ կատարուող որոնողական-փրկարարական աշխատանքներուն:
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան:
Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ, երեսփոխան Կարօ Փայլան նոյն օրուան աւարտին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրեց, որ Հայաստանի ուղարկած փրկարարական ջոկատը ու օգնութիւնը տեղափոխող օդանաւը վայրէջք կատարեց Թուրքիոյ մէջ։ «Զօրակցութիւնը կեանք է», կը հաստատէ Փայլան։
Աղբիւրը `Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
08/02/2023, 08:41