Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ եւրոպական միութեան առաքելութիւնը սկսաւ իր աշխատանքին
20 Փետրուարին, Հայաստանի մէջ սկսաւ Եւրոպական Միութեան քաղաքայիններէ կազմուած խումբի առաքելութիւնը՝ ընդհանուր ապահովութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով Եւրոպական Միութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութիւնը:
Առաքելութիւնը պաշտօնապէս կազմուեցաւ խորհուրդի 23 Յունուար 2023ի որոշումով: «Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հայկական կողմին մէջ տեղակայման նպատակն է՝ նպասել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան, հակամարտութենէն վնասուած շրջաններուն մէջ կառուցել վստահութիւն եւ ապահովութիւն, ինչպէս նաեւ ստեղծել միջավայր, որ պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորման ջանքերուն, որոնց պիտի աջակցի Եւրոպական Միութիւնը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Եւրոպական Միութիւնը կ՛աւելցնէ, որ, ընդհանուր առմամբ, Եւրոպական Միութեան առաքելութեան անձնակազմին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան մօտաւորապէս 100 անձեր, ներառեալ՝ շուրջ 50 անզէն դէտեր:
Առաքելութեան հրամանատարութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան Վայոց Ձորի մարզի Եղէգնաձոր քաղաքը: Եւրոպայի արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Քաղաքային ծրագրաւորման եւ վարման կարողութիւններու գործադիր տնօրէն Սթեֆանօ Թոմաթ պիտի աշխատի իբրեւ Քաղաքային գործողութիւններու հրամանատար, իսկ Մարքիւս Ռիթեր՝ իբրեւ առաքելութեան ղեկավար:
20 Փետրուարին, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ հաստատեց, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը նոյն օրը կատարեց իր առաջին պարեկութիւնը: «ԵՄ առաքելութիւնը պիտի նպաստէ մարդոց ապահովութեան, վստահութիւն պիտի ստեղծէ տեղւոյն վրայ եւ պիտի աջակցի միութեան ջանքերուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ», գրած է ան:
Առաքելութեան մեկնարկին առիթով տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն մասին գրած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արսէն Թորոսեան, ինչպէս նաեւ խումբին հետ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ յայտնեց, թէ առաքելութիւնը կարեւոր ներդրում պիտի ունենայ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ապրող բնակչութեան ապահովութեան առումով:
Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան աշխատանքներու մեկնարկին։ «Ընդգծելով նոր առաքելութեան բացառապէս քաղաքացիական բնոյթը՝ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները անազնիւ են: Անիկա կը ծաւալի Եւրոպական Միութեան ընդհանուր ապահովութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան շուրջ, հետեւաբար անհրաժեշտ է համապատասխանաբար վերաբերում ունենալ անոր նկատմամբ: Աւա՜ղ, առաջին անգամ չէ, որ կ՛արձանագրենք Եւրոպական Միութեան եւ ամբողջ Արեւմուտքին՝ մեր դաշնակից Հայաստանի մէջ որեւէ կերպով ամրանալու ցանկութիւնը»:
Զախարովա դիտել տուաւ, որ Ռուսիոյ այս բոլորին մէջ կը տեսնէ բացառապէս աշխարհաքաղաքական ենթաթեքսթ, որ հեռու է Անդրկովկասի մէջ յարաբերութիւններու իրական կարգաւորման շահերէն: «Ամէն ինչ կը կատարուի Ռուսիան տարածաշրջանէն դուրս մղելու եւ ապահովութեան գլխաւոր երաշխաւորի անոր պատմական դերը թուլցնելու համար: Այս նախաձեռնութեան վերաբերեալ Պաքուի՝ հրապարակայնօրէն արտայայտուած բացասական գնահատականները կ՛անտեսուին», նշեց Զախարովա:
Ըստ անոր՝ շրջանային տարբեր հակամարտութիւններու կարգաւորման մէջ Եւրոպական Միութեան մասնակցութեան փորձառութիւնը այդքան ալ յաջող չէ, առ այդ, պէտք է զայն նկատի ունենալ՝ Հայաստանի մէջ նոր առաքելութեան վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան որոշումը գնահատելու ատեն: Զախարովա հաստատեց, որ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ պայմանաւորուածութիւններու փաթեթը կը մնայ տեսանելի ապագային տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան հիմնական գործօնը:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ