Ամերիկեան օդուժը 4-րդ անյայտ մարմին մը վար առաւ
Ամերիկացի օդաչուները դարձեալ վար առած են անյայտ թռչող մարմին մը, այս անգամ` Հուրոն լիճին մօտ, քանատական սահմանէն ոչ հեռու: Ասիկա փետրուարէն ի վեր 4-րդ նման դէպքն է:
Մարմինը կիրակի օր վար առած են ամերիկեան օդուժի եւ Ազգային պահակագունդի օդաչուները: Այս մասին ըսած է Միչիկընէն քոնկրեսական Էլիսա Սլոթքին:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», յղում կատարելով Քանատայի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն, կը հաղորդէ, որ մարմինը վար առնուած է Քանատայի սահմանէն շուրջ 22,5 քիլոմեթր հեռու:
Քոնկրեսականներու օգնականներէն մէկուն համաձայն, մարմինը ունեցած է ութանկիւնեան ձեւ եւ գտնուած է շուրջ 6 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ` վտանգ ներկայացնելով քաղաքային օդանաւերու համար: Ամերիկեան լրատուամիջոցները, յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմի անանուն ներկայացուցիչին, հաղորդած են, որ մարմինէն քանի մը թելեր կախուած էին:
Փենթակոնի կարծիքով` վար առնուած մարմինը զինուորական տեսանկիւնէն վտանգ չէր ներկայացներ, սակայն ամերիկացի զինուորականներու կարծիքով` անիկա կրնար օգտագործուիլ հետախուզական նպատակներով:
Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ շաբաթ օր յայտնած էր, թէ ամերիկեան հալածիչ մը Քանատայի օդային տարածքին մէջ անյայտ մարմին մը վար առած է:
«Ես հրամայած եմ վար առնել անյայտ մարմինը, որ խախտած է Քանատայի օդային տարածքը: ՆՈՐԱՏ-ը (Հիւսիսային Ամերիկայի օդային պաշտպանութեան հրամանատարութիւն) Եուքոն շրջանին վրայ մարմին մը վար առած է: Քանատական եւ ամերիկեան օդանաւերը օդ բարձրացուած են, եւ ամերիկեան «ԷՖ-22»-ը յաջողութեամբ խոցած է թիրախը», գրած էր Թրիւտօ:
Ան նշած էր, որ միջադէպը քննարկուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ: «Զինուորները այժմ պիտի փնտռեն բեկորները հետագայ ուսումնասիրութեան համար», ըսած էր Թրիւտօ:
«Սկիզբը կործանուած մարմինը յայտնաբերուած է Ալասքայի երկինքին վերեւ», աւելի ուշ յայտնած էր Փենթակոնի բանբեր Փաթ Ռայտըր:
Քանատայի պաշտպանութեան նախարար Անիթա Անանտ շաբաթ օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած էր, որ մարմինը կը թռչէր շուրջ 12 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ եւ քաղաքային թռիչքներու անվտանգութեան համար վտանգ կը ներկայացնէր: Անոր համաձայն, անիկա փոքր եղած է եւ գլանաձեւ:
Հինգշաբթի օր Ալասքայի վրայէն մէկ այլ անյայտ թռչող մարմին վար առնուած էր: Ատկէ ետք ատոր հաւանական ծագման եւ գործառոյթներուն մասին պաշտօնապէս չէ հաղորդուած:
Յիշեցնենք, որ ամերիկեան օդուժը մէկ շաբաթ առաջ Հարաւային Քարոլայնայի ափերուն վերեւ վար առած էր չինական օդապարիկը, զոր երկրին իշխանութիւնները կը նկատէին չինական լրտեսական ծրագիրի մէկ մասը: Փեքին կը հերքէ այս մեղադրանքները եւ կը պնդէ, որ ատիկա օդերեւութաբանական ծրագիրի կը պատկանի, որ մոլորուած է:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հակաօդային պաշտպանութեան հիւսիսային ամերիկեան հրամանատարութեան` ՆՈՐԱՏ-ի ղեկավար Կլեն Վան Հըրք չէ բացառած, որ վերջին օրերուն վար առնուած թռչող մարմինները կրնան այլ մոլորակային ծագում ունենալ, սակայն ընդգծած է, որ հարցին վերաբերեալ վերջնական եզրակացութիւն պէտք է տան հետախուզական ծառայութիւնները:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ