Որոնել

Piedi, neonato

Շրջափակման 78 օրուան ընթացքին Արցախի մէջ շուրջ 300 երեխայ ծնած է

Տեղեկագրին համաձայն՝ ազրպէյճանական կողմի ահաբեկչական վարքագիծին պատճառով նորածին երեխաներն ու անոնց մայրիկները ամէն օր կ՝առերեսուին լուրջ խնդիրներու հետ՝ կապուած մանկական սնունդի, տակդիրներու, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու պակասի հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ ազրպէյճանի կողմէ շրջափակման ընթացքին Արցախի ծննդատուներուն մէջ ծնած է 300 երեխայ։

Այս մասին նշուած է Փետրուար 27-ին  Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հրապարակած տեղեկագրին մէջ, որ կը վերաբերի ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման 78-րդ օրուան:

Տեղեկագրին համաձայն՝ ազրպէյճանական կողմի ահաբեկչական վարքագիծին պատճառով նորածին երեխաներն ու անոնց մայրիկները ամէն օր կ՝առերեսուին լուրջ խնդիրներու հետ՝ կապուած մանկական սնունդի, տակդիրներու, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու պակասի հետ։

•  2 երեխայ կը գտնուի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ:

•  6 չափահաս բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, անոնցմէ 3-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։

•  Արդէն 300 երեխայ ծնած է շրջափակման մէջ:

•  Արցախի բոլոր բուժհաստատութիւններուն մէջ ծրագրուած վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով՝ մօտ 730 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն։

•  Մինչ այսօր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած 127 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։

•  755 տնտեսվարող գործատէր (ընդհանուրի 17,7%-ը) շրջափակման պայմաններուն մէջ աշխատելու անհնարինութեան պատճառով կասեցուցած է իր գործունէութիւնը, իսկ մնացեալ տնտեսվարողները կը գործեն մասնակի ծաւալով կամ պետական աջակցութեամբ։

•  Ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակին պատճառով նախնականօրէն առնուազն 5100 մարդ կորսնցուցած է աշխատանքն ու եկամուտի աղբիւրը։

Աւելի քան 30,800 թոն կենսական նշանակութեան ապրանքներ պիտի մակատարարուէին Արցախ, եթէ չըլլար շրջափակումը, որուն ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ մատակարարուած է անոր միայն չնչին մասը:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2023, 11:14