Որոնել

Թել Աւիւի մէջ մեծ ցոյց Թել Աւիւի մէջ մեծ ցոյց  (ANSA)

Թել Աւիւի մէջ կառավարութեան հրաժարականի պահանջով մեծ ցոյց. Նեթանիահու կը պաշտօնազրկէ ներքին գործոց նախարարը

շաբաթ օր 100 հազար իսրայէլացի բնակեցուածներ Թել Աւիւի մէջ հաւաքուելով բողոքի ցոյց կատարեցին Նեթանիահուի ղեկավարած կառավարութեան դէմ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Շաս կուսակցութեան ղեկավար Արիէ Տրահին պաշտօնազրկեց ներքին գործոց եւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնէն: Ան այդ քայլին դիմեց հիմնուելով Գերագոյն դատարանի` Տրահին պաշտօնազրկելու որոշումին վրայ` նշելով. «Որոշումը տրամաբանութեան սահմանը անցաւ»: Ան նշեց, որ որոշումը «Կ՛անտեսէ ժողովուրդի կամքը»:

Իսրայէլի գերագոյն դատարանը յայտարարած էր, որ Տրահի չի կրնար նախարարական պաշտօն ստանձնել, որովհետեւ երկու անգամ դատապարտուած է քրէական եւ տուրքերէ խուսափման յանցանքներով:

Նշենք, որ շաբաթ օր 100 հազար իսրայէլացի բնակեցուածներ Թել Աւիւի մէջ հաւաքուելով բողոքի ցոյց կատարեցին Նեթանիահուի ղեկավարած կառավարութեան դէմ:

Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին. «Շուտով հեռացի՛ր Տրահի», «Փրկե՛լ ժողովրդավարութիւնը», «Մեզ գաղութատիրութեան ժամանակաշրջան վերադարձնելու լիազօրութիւն չունիս»:

Անոնք նաեւ բողոքեցին Նեթանիահուի քաղաքականութեան դէմ եւ զայն ամբաստանեցին բռնատիրութեամբ:

Ցուցարարները պահանջեցին կառավարութեան հրաժարականը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2023, 09:00