Որոնել

Սթոքհոլմի մէջ քորանի օրինակի հրկիզում Սթոքհոլմի մէջ քորանի օրինակի հրկիզում 

Սթոքհոլմի մէջ քորանի օրինակի հրկիզումը իսլամական աշխարհին մէջ դատապարտման ալիք բարձրացուց

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, «այդ ցոյցերուն դէմ քայլ կամ հակազդեցութիւն չորդեգրելը անընդունելի է»` նշելով. «Պէտք էր անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրուէին:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար շաբաթ օր որոշեց ջնջել իր շուէտացի պաշտօնակից Փալ Ճոնսընի Անգարա այցելութիւնը, որ նախատեսուած էր 27 յունուարին:

Աքարի համաձայն, Սթոքհոլմի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ ցոյցի կազմակերպման արտօնութենէն ետք Ճոնսընի այցելութիւնը ջնջուած է: «Ներկայ փուլին, Ճոնսընի Թուրքիա այցելութիւնը անիմաստ դարձաւ, ուստի եւ այցելութիւնը ջնջեցինք», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, «այդ ցոյցերուն դէմ քայլ կամ հակազդեցութիւն չորդեգրելը անընդունելի է»` նշելով. «Պէտք էր անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրուէին:

Նշենք, որ ծայրայեղ աջակողմեան «Սթրամ Քուրս» կուսակցութեան ղեկավար, շուէտ-դանիացի Ռասմուս Փալուտանի արտօնութիւն տրուած էր շաբաթ օր Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ ցոյց կատարելու, ինչ որ Անգարայի զայրոյթը յառաջացուց: Ցոյցի ընթացքին Փալուտան Քորանի օրինակ մը հրկիզեց, ինչ որ իսլամական աշխարհի զայրոյթը յառաջացուց:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Կարելի ամէնէն բուռն կերպով կը դատապարտենք մեր սուրբ գիրքին վրայ այս ստոր յարձակումը… Իսլամները թիրախ դարձնող եւ մեր սրբազան արժէքները խօսքի ազատութեան քողին տակ այս հակաիսլամական արարքի արտօնումը ամբողջովին անընդունելի է»:

Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլսրթոմ յայտնեց, որ հակաիսլամական սադրանքները ցնցիչ են: «Շուէտը խօսքի լայն ազատութիւն ունի, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ շուէտական կառավարութիւնը կամ ես կը զօրակցինք արտայայտուած տեսակէտներուն», «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Պիլսթրոմ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց «թագաւորութեան հաստատ դիրքորոշումը, որ կը ջատագովէ երկխօսութեան, հանդուրժողականութեան ու համակեցութեան արժէքները տարածելու կարեւորութիւնն ու ատելութեան եւ ծայրայեղականութեան մերժումը»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Քորանի հրկիզումը` զայն նկատելով «անյարգալից արարք մը, որ կը գրգռէ աշխարհի տարածքին հարիւր միլիոնաւոր իսլամներու զգացումները»:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը դատապարտեց «քստմնելի արարքը»: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրենց կարգին դատապարտեցին միջադէպը եւ վերահաստատեցին «իրենց մերժումը բոլոր արարքներուն որոնց նպատակը անվտանգութեան ու կայունութեան խախտումն է` ոտնահարելով մարդկային եւ բարոյական արժէքներն ու սկզբունքները»: Օման եւ Քուէյթ եւս դատապարտեցին արարքը:

Ազհարը իր կարգին նշեց. «Շուէտի` Քորանի օրինակի հրկիզումը արտօնելը կ՛արգելակէ կրօններու երկխօսութեան ջանքերը»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2023, 08:45