Որոնել

2023.01.14 Bambini dell'Artsakh

Արցախի ամբողջ տարածքին համացանցի կապը վերականգնեցաւ

Ըստ Արցախի մէջ գործող համացանցի միակ ընկերութեան՝ «Ղարաբաղ Տելեկոմ»ի, թեքնիք սարքերու տուեալներուն՝ «մալուխը վնասուել էր Լաչինի միջանցքի հէնց այն հատուածում, որտեղ տեղակայուել են բնապահպան ձեւացող ադրբեջանական կառավարութեան գործակալները»:

Արցախի տեղեկատուական շտաբը տեղեկացուց, որ Արցախի ամբողջ տարածքին համացանցի կապը վերականգնեցաւ։ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին վարած բանակցութիւններուն շնորհիւ, «Ղարաբաղ Տելեկոմ» ընկերութեան թեքնիք մասնագէտները կրցան մեկնիլ խանգարումի վայրը եւ տեղւոյն վրայ համապատասխան աշխատանքներ տանիլ հաղորդալարերու վնասուած մասը վերականգնելու ուղղութեամբ։

12 Յունուարէն սկսեալ Արցախի մէջ համացանցը անջատուած էր, որովհետեւ Հայաստանէն Արցախ հասնող լարերը էին:

Ըստ Արցախի մէջ գործող համացանցի միակ ընկերութեան՝ «Ղարաբաղ Տելեկոմ»ի, թեքնիք սարքերու տուեալներուն՝ «մալուխը վնասուել էր Լաչինի միջանցքի հէնց այն հատուածում, որտեղ տեղակայուել են բնապահպան ձեւացող ադրբեջանական կառավարութեան գործակալները»:

Առանց ուտելիքի, դեղորայքի եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներու մատակարարումներու մնացած Արցախի մէջ, օրէ օր հին հարցերուն կ՛աւելնան նորերը: Խանութներուն առջեւ երբեմն ժամերով շարքի կը սպասեն մարդիկ, որոնք ամէն ինչ չեն գտներ, որովհետեւ ամէն ինչ սահմանափակ դարձած է՝ թէ՛ իբրեւ քանակ եւ թէ իբրեւ տեսականի։

Ստեփանակերտէն կ՛ահազանգեն, որ դեղարաններուն մէջ առաջնային անհրաժեշտութիւն ներկայացնող դեղեր գրեթէ չկան:

Վիրահատութիւններու յետաձգման պատճառով, ըստ Արցախի կառավարութեան, 390 քաղաքացիներ զրկուած են վիրահատուելու կարելիութենէն: Ըստ պաշտօնական տուեալու` շրջափակման պայմաններուն մէջ, տնտեսվարողներուն առաւել քան 16 տոկոսը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը. առնուազն 3400 անձեր կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը:

Իսկ Լաչինի միջանցքը փակ պահող ատրպէյճանցիները ճամբան բանալու մտադրութիւն չունին տակաւին. տեղւոյն վրայ կը շարունակեն բնապահպանական պաստառներով հերթապահութիւն կատարել: 33 օրերու ընթացքին փակ հատուածով միայն Կարմիր Խաչի եւ ռուս խաղաղապահներու ինքնաշարժներ անցան:

Արցախի մէջ ստեղծուած վիճակին մասին գրեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան՝ նշելով. «Արցախի ամբողջական շրջափակման պայմաններում ենթակառաուցուածքային ահաբեկման այս մեթոդը նպատակ է հետապնդում Արցախի խաղաղ բնակչութեանը ենթարկելու յաւելեալ տառապանքների եւ մարդկային անտանելի պայմաններ ստեղծելու Արցախում: Ադրբեջանի վարքագիծը անարգանք է մարդու իրաւունքների օրակարգի, մարդասիրական արժէքների եւ քաղաքակրթութեան նկատմամբ: Պետութիւններն ու միջազգային կառոյցները եւ առաջին հերթին ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրները` Ռուսաստանը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսիան պարտաւոր են վերջ դնելու ադրբեջանական յանցաւոր ամենաթողութեանն ու անպատժելիութեանը»:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2023, 08:21