Զայետ մրցանակի դափնեկիր դարձան «Սան Էճիտիոյ» հասարակութիւնն ու Տիկին Շամսա Ապուքատար Ֆատհիլ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 31 յունուարին, Մարդկային Եղբայրութեան Զայետ մրցանակի դատաւորներու յանձնաժողովը յայտարարեց, որ 2023 թուականի Զայետ մրցանակի դափնեկիր դարձան Սան Էճիտիոյ հասարակութիւնը եւ Քենիացի խաղաղարար տիկին Շամսա Ապուքատար Ֆատհիլ։
Դատաւորներու յանձնաժողովին մասկը կազմէ նաեւ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէն։
Յայտնենք, թէ «Սան Էճտիոյ» հասարակութիւնը մարդասիրական ընկերակցութիւն մըն է, ունենալով որպէս Աթոռ Հռոմի մէջ։ Ան ունի Եւրոպայի, Ամերիկայի , Ափրիկէի եւ Ասիոյ աւելի քան 73 երկիրներու մէջ ներկայացուցչական գրասենեակներ։
«Սան Էճիտիոյ» հասարակութիւնը ճանչցուած է իր՝ կրօնաւորական եւ միջ մշակութային բանակցութեան միջոցաւ, խաղաղութեան բանակցութիւններուն եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման ծիրէն ներս բերած նպաստին համար, խթանելով խաղաղութիւն աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ. Կուաթեմալայէն սկսեալ մինչեւ Մոզամպիք։
Իսկ՝ Քենիոյ մէջ խաղաղութեան կերտիչ տիկին Շամսա Ապուպաքար Ֆատհիլ ճանչուած է, որպէս «Մամա Շամսա»։Ան Զայետ մրցանակին դափնեկիր դարձաւ Քենիոյ մէջ երիտասարդները բռնութենէ, ոճրագործութիւնէ փրկելուն համար, շնորհելով անոնց խնամակալութիւն ու կազմաւորում։
Տիկին Ապուպաքար Ֆատհիլ Քենիոյ եւ Ափրիկէի մէջ գլխաւորած է կարեւոր քայլարշաւներ, հանրային միտքը արթնցնելու համար, կիներու դէմ կատարուած բռնութիւններուն դիմաց ։
Զայետ Մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4 փետրուար 2023ին, Ապու Տապիի մէջ, Միացեալ Ազգերու կողմէ ճանչցուած մարդկային եղբայրութեան միջազգային օրը։
Մարդկային Եղբայրութեան համար Զայետ մրցանակը, անկախ եւ ամէնամեայ միջազգային մրցանակ է, որ կը մեծարէ անձերն ու աշխարհի մէջ որեւէ կազմակերպութիւններ, որոնք անխոնջ աշխատանք կը տանին խթանելու համար զօրակցութեան, համալրման, արդարութեան արժէքները եւ ստեղծելու առաջընթաց դէպի խաղաղ համակեցութիւն։
Ալ Զայետ մրցանակը հիմնուած է 2019ին, Ապու Տապիի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհար աւագ իմամ Ալ Թայեպի միջեւ պատմական հանդիպումի ընթացքին՝ ուր երկուքը ստորագրեցին մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը։
Մրցանակը կը կրէ Արաբական միացեալ թագաւորութիւններու հիմնադիր, հանգուցեալ Զայետ Պին Սուլթան Ալ Նահանի անունը, որ հռչակաւոր է իր մարդասիրական յանձնառութեան համար եւ անձերը օգնելու մէջ անկախ անոնց ծագումէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ