Ռայի պատրիարք. «Կը մաղթենք, որ Պիթար շարունակէ նաւահանգիստի յայթումին ճշմարտութիւնը բացայայտելու հետաքննութիւնը»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին ընդմէջէն շեշտեց, որ սահմանադրութեան մէջ նշուած է, թէ ժողովուրդը իշխանութիւններուն աղբիւրն է` հարց տալով, որ ժամանակը չէ՞ հասած արդեօք, որ ժողովուրդը ներկայացնող երեսփոխանները հաւաքուին եւ հանրապետութեան նախագահը ընտրեն:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ոմանք կը ջանան Լիբանանին համայնքային եւ յարանուանական գոյն մը շնորհել` աւելցնելով, որ բոլորս պէտք է գիտակից ըլլանք պաշտպանելու համար Լիբանանը:
«Կը մաղթենք, որ հետաքննիչ դատաւոր Թարեք Պիթար շարունակէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը բացայայտելու հետաքննութիւնը: Կը ցաւինք, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով նիստ չի կրնար գումարել, սակայն կը հաստատենք, որ պիտի չարտօնենք, որ նաւահանգիստի պայթումին յանցագործները անպատիժ մնան», հաստատեց ան:
Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը իր հաստատութիւններով եւ կառոյցներով ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի քաղաքացիները իրենց վստահութիւնը կորսնցնեն անոր նկատմամբ, ինչպէս նաեւ զանոնք կ՛ուղղէ բաց յեղափոխութեան մը, «որ չենք գիտեր ի նպաստ որուն կ՛ըլլայ», ըսաւ ան:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ